ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միասնաբար պիտի իրականացնեն ուսուցիչներու եւ համայնքին նուիրուած երեք աշխատանիստներ, որոնք նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթի դասաւանդումներուն, կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կրթական ենթայանձնախումբի անդամ Սեդա Անթեքելեան, նման ծրագիրներ յոյժ կարեւոր նկատելով ուսուցիչներուն եւ համայնքին մօտ Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնելու համար։
Յիշեցնենք, որ անցեալ Հոկտեմբերին, Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչութիւնը միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր որոշում մը, որ աշակերտներուն պիտի արտօնէ վարժարանէն բացակայիլ Ապրիլ 24ին, յարգելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, միաժամանակ խոստանալով Ցեղասպանութեան մասին իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնելու համար գործնական քայլերու դիմել։
Ուսուցիչներու յատուկ աշխատանիստերը տեղի պիտի ունենան 7 Ապրիլին (նախակրթարանի ուսուցիչներուն համար) եւ 8 Ապրիլին (միջնակարգի եւ երկրորդականի ուսուցիչներուն համար), կ.ե. ժամը 3էն 4։30, իսկ համայնքին համար նախատեսուած աշխատանիստը տեղի պիտի ունենայ 19 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 5էն 6։
Այս վերջինին պիտի մասնակցին նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան եւ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ Ասթին Պիւթնըր։
Արձանագրութեան մասին տեղեկութիւններու համար այցելել http://asbarez.com/201489 կայքէջը կամ դիմել (213) 241-6388 թիւին։