
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յիշեցնէ, որ իր հովանիին տակ գործող մայրաքաղաք Ուաշինկթընի Լէօ Սարգիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրին եւ Մարալ Մելքոնեան Աւետիսեանի անուան ամառնային վարժողական ծրագիրին դիմելու ժամկէտը երկարաձգուած է մինչեւ 15 Ապրիլ։
Հայ երիտասարդներու մօտ ղեկավարման ձիրքերը զարգացնող այս ութ շաբաթեայ ծրագիրները պիտի իրականացուին Յունիս 14էն 6 Օգոստոսի միջեւ։
Անոնց մասին մանրամասնութիւններու եւ դիմումնագիրներու համար այցելել https://anca.org/internship կայքէջը։