ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթավերջին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ասթինի հետ: Երկու նախարարները կարծիքի փոխանակումներ կատարեցին շրջանային ապահովութեան վերաբերեալ նիւթերու շուրջ:
Ըստ «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան հաղորդումներուն՝ անոնք անդրադարձան նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Անգարա-Ուաշինկթըն համագործակցութեան ընթացքին եւ
շեշտը դրին շրջանային ու համաշխարհային ապահովութեան հարցերու շուրջ համատեղ ըմբռնում մը զարգացնելու կարեւորութեան վրայ:
Նախարարները մատնանշեցին ներկայի հարցերուն ռազմավարական գործընկերութեան եւ ոգիին յարիր ձեւով լուծում ապահովելու կարեւորութիւնը:
Աքար եւ Ասթին վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը՝ երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ աւելի սերտ համագործակցութիւն հաստատելու ջանքերուն։