Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը, համագործակցութեամբ Woven Teaching կազմակերպութեան՝ երկրորդական վարժարաններու պատմութեան ուսուցիչներուն տրամադրութեան տակ դրած է «Ցեղասպանութեան Հանգրուաններ» ծրարը, որուն նիւթերը պիտի նպաստեն Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Ողջակիզումին եւ Քամպոտիայի, բնիկ ամերիկացիներու, Ռուատնայի ու Կուաթեմալայի ցեղասպանութիւններուն մասին նիւթերու դասաւանդման։
Անիկա տրամադրելի է առցանց՝ կայքին միջոցաւ։
«Ցեղասպանութեան Հանգրուաններ»ը ներկայացնելու համար կազմակերպուած է համացանցային սեմինար մը, որ տեղի պիտի ունենայ 19 Ապրիլին, կ.ե. ժամը 3:30էն 5։
Արձանագրուելու համար այցելել կայքէջը։