200 էջերէ բաղկացած Արամ Ա. վեհափառին անգլերէնով գրուած Turning to God (Դարձ Առ Աստուած) գիրքը օրագրութիւն է 2020ի Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն, երբ համաճարակը նոր սկսած էր:
Գիրքը կը շօշափէ զանազան բնոյթի նիւթեր՝ կրօնական, ընկերային, միջեկեղեցական, կենսոլորտային, նաեւ քաղաքական, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի կերպով աղերս ունին համաճարակին ստեղծած կացութեան եւ ընկերութեան դիմագրաւած տագնապներուն հետ: