ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Անգարայի մէջ Չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյենին աթոռ չտրամադրուեցաւ:
Անոր մամլոյ խօսնակը Անգարայի ցուցաբերած արարողակարգային այս անտեսումը առնուազն զարմացնող որակեց, սակայն շեշտեց, թէ ֆոն տեր Լէյեն նախընտրած է առաջնահերթութիւնը տալ հանդիպման բովանդակութեան եւ ոչ թէ արարողակարգին:
Ֆոն տեր Լէյեն հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ Թուրքիա պէտք է յարգէ օրէնքի գերակայութիւնը եւ հաւատարիմ մնայ Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռներուն:
«Նախագահ Էրտողանին յայտնեցինք մեր խոր մտահոգութիւնները՝ Թուրքիոյ մէջ վերջին զարգացումներուն եւ մասնաւորաբար խօսքի ազատութեան ու քաղաքական կուսակցութիւններ եւ լրատուամիջոցներ թիրախ դարձնելու վերաբերեալ», աւելցուց ան:
Ֆոն տեր Լէյենի կ՛ընկերանար Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել։
Եւրոպացի ղեկավարները համաձայնեցան յաւելեալ գումար տրամադրել Թուրքիոյ մէջ գաղթականներու հոգատարութեան: