ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ իշխանութիւններուն աջակցութեամբ կը ջնջուին Թուրքիոյ մէջ հայկական հետքերը եւ բնակելի շէնքերու վարչութիւնը քաղաքաշինական ծրագիրի անուան տակ՝ կը քանդէ Մուշի Քալէ թաղամասի հայկական բոլոր տուները:
Քանդուած հայկական տուներու տեղերը բազմաբնակարանային համալիր մը կառուցելու ծրագիր մշակուած է: Յիշեցնենք, որ հայկական տուները ոչնչացնելու որոշումը հաստատուած էր 2011ին, Մուշի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէն:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան Մուշէն ընտրուած պատգամաւորներ Շեւին Ճոշքուն եւ Կիւլիւսթան Քըլըչ Քոչիղիթ Մուշի հայկական թաղամասի քանդումին հարցը ներկայացուցին խորհրդարանին՝ յստակացումներ պահանջելով քաղաքաշինութեան, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարներէն: Ընդդիմադիր պատգամաւորները յիշեցուցին, որ Մուշի 3 թաղամասներու մէջ՝ Քալէի, Տերէի եւ Մինարէի, մինչեւ 2000ականներու սկիզբը պահպանուած էին հայկական տուները, որոնք, սակայն, 2012ին քանդուեցան:
Անոնք յայտնեցին, որ այժմ Քալէ թաղամասին մէջ մնացած է հայկական մէկ տուն, որ արձանագրուած է՝ իբրեւ «պաշտպանութեան ենթակայ մշակոյթի արժէք»: Անոնք նկատել տուին, որ հակառակ այդ որոշումին՝ Մուշի քաղաքապետարանը տարիներէ ի վեր խոչընդոտներ կը ստեղծէ եւ չ՛արտօներ տան սեփականատիրոջ, որ վերականգնէ զայն: Անոնք յստակացում պահանջեցին, թէ ինչո՛ւ վերականգնումի արտօնութիւն չի տրուիր: