ԳԵՐԻՆԵՐԸ ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ԿԱՊ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա», «Նիուզ».- 19 Ապրիլին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացիկ հարցերու օրակարգին ընթացքին առաջարկուեցաւ քննարկել պարագան «Հայ ռազմագերիներու, այլ գերիներու եւ տեղահանուածներու», որուն համաձայնութիւն տուած էր ԵԽԽՎի Բիւրօն:
Սակայն ԵԽԽՎի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Սամատ Սէիտով դէմ հանդէս եկաւ քննարկման եւ պահանջեց քուէարկութիւն կատարել:
Սակայն, քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք՝ հարցը ձայներու մեծամասնութեամբ ընդգրկուեցաւ օրակարգին վրայ՝ 93 թեր, 21 դէմ, 18 ձեռնպահ քուէներով:
Ըստ ԵԽԽՎի կայքին՝ քննարկման դէմ քուէարկեցին Ատրպէյճանի 6, Թուրքիոյ 8, Ռուսիոյ 5, Հունգարիոյ 1 եւ սերպիոյ 1 պատուիրակները:
Ռուսիոյ պատուիրակութեան 7 անդամներ ձեռնպահ քուէարկեցին: Ձեռնպահ ձայներուն մէջ են նաեւ Ուքրանիոյ 2 պատուիրակներ, իսկ մէկը թեր քուէարկեց:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի մէջ գերի պահուած անձերուն կարելիութիւն տրուեցաւ հեռաձայնով կապ հաստատելու իրենց ընտանիքի անդամներուն հետ, հաստատեց Հայաստանի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցման ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի: