ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի հետ 19 Ապրիլին այցելեց Սիւնիք։
Նախագահը այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի մարտական դիրքերը, ծանօթացաւ սահմանային բնագիծին, մարտական հերթապահութիւն կատարող զինուորներու կեցութեան պայմաններուն, զրուցեց սահմանային բնագիծը պահող զինուորներուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահը գերազանց ծառայութեան համար խումբ մը զինուորներ պարգեւատրեց անուանական ժամացոյցներով:
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեան նշեց, որ քանի մը անգամ այցելած է այս հատուածը, ուր տղաքը դժուար պայմաններու մէջ իսկապէս հերոսական ծառայութիւն կը կատարեն։
«Դուք ձեր պարտականութիւնները լաւագոյնս էք կատարում: Իրար կողքի եղէք, իրար լաւ նայէք, աչալուրջ եղէք, օգնէք իրար եւ, հետեւէք ձեր առողջութեանը: Յիշէք ձեր ընտանիքը, ծառայէք հայրենիքին եւ աջակցէք իրար։ Ես հրամանատարի հետ էի խօսում, շատ բարձր կարծիքի է ձեր մասին: Այսօր նրա գովեստի խօսքերը ձեր մասին ընդունում եմ որպէս գնահատական եւ ձեզնից իւրաքանչիւրին կրկին մաղթում եմ ամրութիւն: Վստահ եղէք, որ մենք բոլորս մտածում ենք ձեր մասին, տղաներ: Պինդ եղէք», յայտնեց Հանրապետութեան նախագահը եւ բոլորին բարի ծառայութիւն ու բարի վերադարձ մաղթեց:
Արմէն Սարգսեան եւ Արման Թաթոյեան այցելեցին նաեւ մարզի սահմանամերձ Խնածախ բնակավայրը, ուր զրուցեցին բնակիչներուն հետ, ծանօթացան անոնց հարցերուն, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին անվտանգութեան, ընկերային-տնտեսական վիճակին, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներուն:
Բնակիչները մասնաւորապէս նշեցին, որ որոշ տարածքներ, հիմնականին մէջ` արօտավայրեր, պատերազմէն ետք անցած են ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ, եւ ներկայիս իրենք, անվտանգութենէն բացի, կանգնած են նաեւ ապրուստը հոգալու հարցին դէմ յանդիման: Անոնք առանձնացուցին նաեւ ճամբաներու վերանորոգման, ջրամատակարարման եւ կազի մատակարարման հարցերը:
Նախագահը առաջարկեց շրջաններուն հիմնական հարցերը՝ համապատասխան մանրամասնութիւններով ներկայացնել նախագահի աշխատակազմին, որպէսզի իր լիազօրութիւններու եւ կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցի անոնց լուծման: