ԱՆԻ ԱՍՏՈՒՐԵԱՆ
Սիրելի՛ հայ մայրեր,
Երեւակայեցէ՛ք վայրկեան մը, որ ձեր վեց ամսական երեխան ու դուք անհամբեր կը սպասէք ձեր ամուսնոյն-հօր վերադարձին եւ ան կու գայ ժպտուն, կը համբուրէ երկուքդ, «անօթի ե՜մ» կ՛ըսէ եւ խանդավառ կը նստի ընթրիքի սեղան: Դուք այդ օրը աշխարհի ամէնէն համով աղցանը պատրաստած էք իրեն համար ու դրած՝ սեղանին. յանկարծ դուռը կը զարնեն: Ձեր օգնականուհին վար կ՛իջնէ եւ սանդուխներէն ետ բարձրանալով՝ կը յայտնէ, թէ երկու հոգի եկած են ձեր ամուսնոյն բան մը հարցնելու: Մինչ ինք կ՛իջնէ հանդիպելու հիւրերուն, դուք ձեր մանչուկին «աո՜ւ, աո՜ւ»ն կ՛ըմբոշխնէք ու կը սպասէք. հինգ վայրկեան. տասը վայրկեան. երբ սպասելէն ձանձրացած ու քիչ մըն ալ մտահոգ՝ ձեր օգնականուհիին կը հարցնէք. «Ո՞ւր է. ինչո՞ւ կ՛ուշանայ», ան՝ «Տարի՜ն», կ՛ըսէ, յուզուած:
Մի՛ վախնաք՝ ասիկա չէ պատահած ձեզի եւ մաղթենք, որ բնա՛ւ չպատահի: Դուք միայն երեւակայել փորձեցիք, բայց «Պերճուհիի Խանձուած Օրեր» գործին կեդրոնական տիպարը՝ Սոնան, ապրա՛ծ է այս վայրկեանը:
«- Ո՞վ տարաւ. որո՞նք էին եկողները:
– Թուրք ծպտեալ ոստիկանները: Անոնք չթողուցին, որ պարոնը վեր ելլէ գլխարկը առնելու: Ըսի իրենց. «Պարոնը չէ ընթրած, թողէք ընթրէ, յետոյ տարէք»: «Քիչ վերջը կ՞ընթրէ, -ըսին,- քանի մը վայրկեանի համար կը տանինք, մեր պետը քանի մը բան պիտի հարցնէ միայն»…
Եւ այդ երթալն էր. աղցանը մնաց սեղանին վրայ, իսկ ինք տարուեցաւ իր մտաւորական եւ դաշնակցական միւս ընկերներուն հետ:

Բուն անունը Սարգիս Օտապաշեան էր. հետագային ճանչցուած էր Սարգիս Բարսեղեան անունով: Յեղափոխական իր ընկերներուն համար՝ Վանայ Սարգիսն էր կամ՝ Շամիլը: Իր կինը՝ Պերճուհի Բարսեղեան այս գիրքին սկիզբը կը պատմէ իրենց սիրահարութիւնն ու ամուսնութիւնը, իրենց զաւկին ծնունդը եւ ամուսնոյն տարուիլը: Գիրքին մէջ Սարգիսը դարձած է Արա, իսկ Պերճուհին՝ Սոնա:
Արային տարուելէն ետք կը սկսին խանձուած օրերը ոչ միայն Սոնային, այլ Պոլիս ապրող բոլո՛ր հայ կիներուն համար, որոնց ամուսինները բանտարկուած էին Այաշի եւ Չանղըրիի բանտերուն մէջ:
Հարիւրվեց տարի առաջ Ապրիլի այդ օրը կրնար վերջնականապէս գետնաքարշ արարածներու վերածած ըլլալ իրենց ամուսիններէն լուր չունեցող, առանձին մնացած այդ կիները: Բայց ինչպէս Պերճուհիի յուշ-վէպը կը վկայէ, անոնք մէկ բռունցք եղած՝ կ՛որոշեն ձեւ տալ քաոսին, իմաստ տալ իրենց կեանքին եւ արժանի ըլլալ իրենց յեղափոխական ամուսիններուն:
Խումբին ղեկավարը Զառոն էր. յիսուն տարեկան կին մը, որ կանուխ ծերացած էր տառապանքի բեռին տակ: Իր յեղափոխական զաւակը սպաննուած էր թուրքերու կողմէ եւ ինք հոգ կը տանէր թոռնիկին՝ Սուրիկին, միաժամանակ ընդյատակեայ գործունէութիւն տանելով տարբեր մակարդակներու վրայ: Ինքն էր արտասահմանի եւ Պոլսոյ մէջ գտնուող յեղափոխականներու կապը. իրեն կու գային գաղտնի նամակները, զորս կարդալէ ետք կը պահէր իր խրճիթի յատակին գտնուող փոսի մը մէջ: Ամէն անգամ այդ փոսը կը ծածկէր հողով եւ տախտակամածի մէկ կտորով: Նամակներուն պարունակութիւնը գոց կը սորվէր եւ ընկերներու կողմէ տրուած յանձնարառութիւնները կը կատարէր այլ երիտասարդ կիներու օգնութեամբ:
Ապրիլ 24ի գիշերը մօտ երեք հարիւր մտաւորականներ եւ քաղաքական գործիչներ բանտարկուած էին կամ անյայտ վայրեր ղրկուած: Բայց կային այլ յեղափոխականներ, որոնք այդ գիշեր իրենց տունը չէին գտնուած եւ կրցած էին պահուըտիլ տարբեր վայրերու մէջ: Երիտասարդ հայուհիները յանձն առած էին զանոնք տեղափոխել աւելի ապահով վայրեր կամ արտասահման ղրկել: Այդ օրիորդները զարգացած էին. գիտէին ֆրանսերէն, անգլերէն եւ յաճախ ոստիկաններու առջեւէն անցնելու պահուն իրարու հետ այդ լեզուներով կը ճռուողէին, կասկածները փարատելու եւ իրենց նպատակին հասնելու համար: Արտասահմանէն գիրքեր կը հասնէին իրենց անունով. ոչ ոք, բացի իրենցմէ, կը գիտնար թէ անոնց կողքերուն տակ պահուըտած էին օտար երկիր ճամբորդելու անցագիրեր…երբեմն ալ թենիս խաղացող օրիորդներու կը կերպարանափոխուէին եւ թէնիսի ռաքէթները ճօճելով հանգիստ-համարձակ կը քալէին, մինչ իրենց մարզանքի պայուսակներուն յատակը, ճերմակ կօշիկներու եւ գնդակներու տակ պահուած՝ հայ քաղաքական գործիչներու յանձնուելիք ատրճանակներ կ՛ըլլային…
Այդ հայուհիները կը հետեւէին վերոյիշեալ Զառոյի ցուցմունքներուն. ինք, Զառոն՝ որպէս կարուհի կ՛աշխատէր թրքուհիներու տուները եւ անոնց վստահութիւնը շահած ըլլալուն՝ կրնար տեղեկութիւններ առնել գաւառը պատահող դէպքերու մասին: Այսպէս՝ օր մը, Սապիհա հանըմը պատմած էր իրեն Շապին Գարահիսարի դիմադրութեան մասին. «Պէյիս զարմանքը դեռ չէ անցած: Չի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս Գարահիսարի կեաւուրները կրցած են քաղաքապետարանը եւ ուրիշ կարեւոր դիրքեր գրաւել, մինչեւ որ կիները, երեխաներն ու ծերունիները բերդ բարձրանան ուտելիքի պաշարներով: Ամբողջ ժողովուրդին բերդ քաշուելէն վերջ միայն, զինուած տղամարդիկը իրենք ալ քաղաքը թողնելով՝ գացած միացած են անոնց: Օրերով դիմադրած են, տղամարդիկը՝ զէնքերով, կիներն ու երեխաները՝ քարերով»: Զառոյին սիրտը կը փոթորկէր, բայց առանց յուզումը ցոյց տալու կը շարունակէր լուրեր հաւաքել: Պէյերու կիներէն իմացած էր նաեւ, թէ ինչպէս անոնց ոճրագործ ամուսինները որբացած հայ մանուկներ Պոլիս կը բերէին որպէս նուէր՝ իրենց կիներուն. Իսկ անոնք կը լծուէին պզտիկները իսլամացնելու աշխատանքին: Նախ անունը կը փոխէին. յետոյ խաղալիքներով կը փորձէին սիրաշահիլ. իսկ եթէ խաղալիքը իր դերը չխաղար, կը դիմէին աւելի ազդու միջոցներու՝ ծեծի ու հայհոյանքի…
Զառոն հանդիպած էր հայ աղջնակի մը, որուն անունը Ֆաթիմա էր. երբ մինակ կը մնային, հետը հայերէն կը խօսէր.
««Անունդ ի՞նչ է», հարցուցեր էր երբ առաջին անգամ մինակ մնացեր էին:
– Ազնիւ, ըսեր էր փոքրիկը ու մտածկոտ՝ աչքերը յառեր էր կէտի մը, մէկու մը պէս, որ փախչող պատկերի մը ետեւէն կը վազէ:
Կարծես այդ լեզուն իր առջեւ կը բանար տխուր, բայց եւ սիրելի յիշատակներ: Յետոյ երկար նայեր էր Զառոյին ու իրեն մօտենալով հարցուցեր էր.
– Դուն իմ մեծ մայրիկս ես: Ըսէ՛, մեծ մայրի՞կս ես դուն: Ո՞ւր է Մուկուչը:
– Մուկուչը ո՞վ է, ձագո՛ւկս:
– Մուկուչը իմ աղբարիկս է: Մուկուչը մայրիկիս հետ հօ՜փ ինկաւ մե՜ծ քարին վրայ: Խոշոր, շա՜տ խոշոր դանակ մը կար: Մամաս զիս գրկեց, պոռաց, պոռաց, բայց մարդը զիս նորէն քաշեց, տարաւ: Ես մարդուն մազերը քաշեցի, որ ձգէ զիս, քաշեցի՜, քաշեցի՜…»:
Ամէն անգամ որ առանձին մնային՝ Զառոն Ազնիւին կը բացատրէր թէ պատրաստ պէտք էր ըլլար փախուստի, առանց յայտնի ընելու որեւէ բան իր նոր ընտանիքին:
Հայ կիներու կողմէ յղացուած եւ գործադրուած, որբերու փախուստը կազմակերպել միտող այդ ծրագիրը իսկապէ՛ս տպաւորիչ եւ պատկառելի աշխատանք էր: Սփիւռքի կամ Հայաստանի մէջ արդեօք քանի՞ հոգի գիտէր այդ մասին, մինչեւ Յակոբ Պալեանի խմբագրած այս գործի վերահրատարակութիւնը՝ 2016ին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանէն:
Զառոն եւ իր ընկերուհիները ծրագրած էին ամէն գնով ազատել իսլամանալու վտանգին տակ գտնուող հայ որբերը, զանոնք փախցնելով իրենց թուրք տէրերէն: Այդ դժուար գործը գլուխ հանելու համար անոնք օրերո՜վ պէտք էր մտիկ ընէին տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցած խօսակցութիւնները ու հետեւէին տարբեր թուրք հանըմներու կենսաձեւին ու սովորութիւններուն: Գաղափար մը տալու համար այդ սովորութիւններէն, յիշենք թրքական բաղնիքի մէջ տեղի ունեցած կերուխումներն ու խօսակցութիւնները: Զառոյի ընկերուհիներէն՝ Հոռոփը «թելլաք» էր, այսինքն՝ լուացող: Իր զուարթ բնաւորութեան, կատակներուն եւ բարութեան համար ան սիրուած էր բոլոր հանըմներէն. Ոչ-ոք կը կասկածէր, թէ ան հայ ժողովուրդին դատի զինուորագրուած կին մըն էր. բաղնիքի տաք շոգին եւ օդը, ապառողջ մթնոլորտը արգելք չէին իրեն, որ ամէն օր լոգանք տար թշնամիին հանըմներուն: Ինք յանձն առած էր կեանքը վտանգի դնել որբերու անունները եւ անոնց ապրած վայրերուն հասցէները իմանալու համար:
Օր մը, բաղնիքին մէջ կը լսէ «Մայրի՜կ, մայրի՜կ» հայերէն բառերը: Կ՛երթայ ձայնին ուղղութեամբ եւ կը տեսնէ, թէ ինչպէս թուրք հանըմ մը կը ծեծէ վտիտ մարմնով տղեկ մը…
«Ըսի իրեն, որ չխօսի այդ կեաւուրի լեզուն, նորէն շան լակոտը, երբ որ կու լայ, այդ լեզուով կը կանչէ», բացատրեր էր կինը շուրջը հաւաքուածներուն ու կը պատմէ թէ ինչպէս ամուսինը՝ պարզ զինուոր, Անատոլուէն բերեր է այս «պատուհասը» իրեն: «Այնպէ՜ս յամառ է, այնպէ՜ս յամառ, էշէ մը աւելի: Անունը Ռիզա դրինք, հելէ մէյ մը հարցուր: «Հայկօ եմ», կ՛ըսէ, «Ռիզա չեմ», ու յամառօրէն պիշ-պիշ կը նայի աչքերուդ մէջ: Սպաննելս կու գայ…»:
Սիրելի՛ մայրեր եւ հայրեր, օրիորդներ, տիկիններ, պարոններ,
Կրնա՞ք հիմա երեւակայել Հայկոյին վիճակը, երբ թուրք «մայրը» զինք կը ծեծէր, կը հայհոյէր ու կը ստիպէր իրեն, որ «անունդ ի՞նչ է» հարցումին «Ռիզա» պատասխանէր. իսկ ինք գլուխը բարձր բռնած, հայերէնո՛վ կը պատասխանէր «անունս Հա՛յկ է. անունս Հայկօ՛ է»…
Տակաւին շատ դրուագներ կարելի է պատմել հայ որբուկներուն մասին, որոնք իսլամացումէ ազատեցան շնորհիւ տառապած, բայց գաղափարապա՛շտ եւ տոկո՛ւն հայուհիներու: Տակաւին շա՜տ այլազան եւ տարբեր երեսներ կարելի է ներկայացնել Պերճուհիի այս վէպէն, զոր պէտք է փնտռել ու կարդալ անպայմա՛ն:
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրվեցերորդ ամեակին առթիւ, բուռ մը հայ կիներու տարած գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առինք, յուսալով որ ան մոռցուած բաներ կը յիշեցնէ ընթերցողին ու կը դառնայ ներշնչումի աղբիւր:
Կը յուշէ, որ բաժան-բաժան ըլլալու տեղ, բոլո՛րս պէտք է օրինակ առնենք անոնց կատարածներէն ու նետուինք գործի դաշտ: Սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ աշխատանք կայ տանելիք:
Զառոն, Հոռոփը, Սիրարփին իրենց մատները յանդիմանական ձեւով կը թափահարեն մեր վրայ ու կը պատգամեն. «սթափեցէ՛ք. միասնակամութի՛ւն կայ կերտելիք. միասնական ծրագիր կայ կազմելիք»:
–
Էջեր՝ Պերճուհիի Խանձուած Օրերէն
Ամուսնոյս տարուելէն շաբաթ մը վերջ թրքերէն գրուած բացիկ մը ստացայ իրմէ: (…) Բացիկը ձեռքս վազեցի տղուս, որ օրօրոցին մէջ բոպիկ ոտքը բռնած՝ ուշադրութեամբ կը դիտէր:
– Բալիկս, պապայէ՜ն է, պապայէն նամակ…
– Պա՜պա, պա՜, պատասխանեց տղաս մասնաւոր լրջութեամբ:
Այս իր նոր գիւտն էր եւ շատ դժուարութեամբ ըսելուն՝ միշտ լուրջ ձեւ մը կ՛առնէր:
Ամուսինս կը գրէր, որ շատ լաւ է, շուտով պիտի վերադառնայ աքսորէն, եւ շատ ուրախ պիտի ըլլայ ինձ ու փոքրիկը առողջ գտնելով:
Աքսոր բառը զիս ոգեւորեց: Կարդացեր էի վէպերու մէջ, որ աքսորականներո կիները կ՛երթան իրենց ամուսիններուն քով՝ միասին ապրելու համար աքսորականի կեանքը:
Անմիջապէս նամակ մը գրեցի իրեն եւ խնդրեցի, որ մեզ իր քովը տանի: Տղուն համար օդափոխութիւնը շատ լաւ պիտի գար ըսի, իսկ իմ արեւս ինքն էր: Եթէ աքսոր է, միասին աքսորուած կ՛ըլայինք:
Խեղճ մարդ. Որքան տխուր կերպով ժպտած պիտի ըլլայ իմ նամակս կարդացած ժամանակ, որովհետեւ հետագային, երբ պատահեցայ ամուսնոյս ընկերներէն մէկուն, որ իրեն հետ բանտարկուած էր, բայց օտարահպատակ ըլլալուն համար ազատած, ես իմացայ թէ ի՛նչ էր աքսորը:
Պոլսէն տարուած մտաւորականները եւ քաղաքական գործիչները բանտարկուած էին Այաշի եւ Չանղըրիի բանտերուն մէջ, հիմակուան մայրաքաղաք Անկորային մօտիկ:
Այաշ տարուած էին վտանգաւոր համարուած բանտարկեալները, որոնց մէջ կը գտնուէր նաեւ իմ ամուսինս: (…)
Այաշ պաշտօնական բանտ մը չէր, այլ պինդ ու կիսափուլ զօրանոց մը, որուն մէկ սենեակին մէջ արգելափակեր էին վաթսուն հոգի: Ասոնք հազիւ նստելու տեղ ունէին: Գիշեր-ցերեկ այդպէս: Պատերն ու առաստաղը անծեփ, փոշիով ու սարդի ոստայններով լեցուն. Յատակը՝ աննկարագրելիօրէն աղտոտ:
Դուռը կը բացուէր ու թուրք ոստիկան մը օրը անգամ մը տոպրակ մը սեւ հաց նետելով կը պոռար.
– Մարդ գլուխ մէկ հատ:
Ան կը դնէր նաեւ դոյլ մը ջուր եւ դուռը կը կղպէր աղմուկով:
Ամուսինս էր, որ առաջինը կ՛ելլէր նստած տեղէն, կը մօտենար տոպրակին ու սեւ հաց մը առնելով՝ կը սկսէր ուտել, օրինակ տալու համար միւսներուն: Ան այդ կեանքին մէջ ալ միշտ ժպտուն է եղեր եւ հանդարտ:
-Տղաք, կ՛ըսէ եղեր, պէտք է ուտել դիմանալու համար, այս օրերը պիտի անցնին: Եկէք ձեր բաժինը առէք, մանաւանդ որ այսօրուան հացը զարմանալի կերպով լաւ համ ունի, խորովածէն ալ համով է: Դէ՜հ, ճաշի հրամեցէք:
Քիչ-քիչ բանտարկեալները կը մօտենային իրենց հացը ստանալու:
Ջուր խմելու խնդիրը աւելի դժուար էր: Պէտք էր որ խմողը ծունկի գար դոյլին առաջ, բերանը դնէր եզերքին ու քիչ մը ծռելով դոյլը՝ խմէր: Գաւաթ չէին տար: Գաւաթը այս վտանգաւոր մարդկանց ձեռքը կրնար զէնքի մը պէս վտանգաւոր ըլլալ…
***
… Թուրքերը իրենց տուները բերելու համար կը զատէին միայն ամենագեղեցիկ տղաքն ու աղջիկները: Տարիներ յետոյ երբ խաղաղ օրերը եկան եւ ողջ մնացած մայրեր սկսան փնտռել եւ երբեմն գտնել իրենց զաւակները, շատ անգամ անոնք գիտէին, թէ ո՛ր գիւղը կամ քաղաքը եւ որո՛ւ կողմէ առեւանգուած էր փոքրիկը: Պատահեցան դէպքեր, երբ քիւրտին կամ թուրքին քով երկար տարիներէ ի վեր ապրած եւ կեաւուրի ատելութեամբ եւ արհամարհանքով մեծցած տղան կամ աղջիկը մերժեց իր մօրը հետ երթալ, անկեղծօրէն համոզուած, որ անոր զաւակը չէր: Անոնք, արդէն հասած երիտասարդներ կամ օրիորդներ, չէին յիշեր իրենց անցեալը ու իրենց առջեւը կանգնած, գունատ ու մաշած կնոջ, որ տարիներու կարօտն ունէր սրտին, կը պոռային արհամարհանքով. «Սուտ կը խօսիս, կեաւուրի կին, ես քու զաւակդ չեմ»…
նկար
0424Sargis_Barseghyan
Վանայ Սարգիս
0424berjiuhi