Աւետարանաշունչ այս պատգամը բալասան է մեր ազգի սրտին բացուած եւ տակաւին չսպիացաց ցաւօտ այն վէրքին, որ կը շարունակէ անդադար մորմոքիլ: Մեր ազգի ու հայրենիքի կեանքը կը թուի ըլլալ տառապանքի կսկծալի շրջապտոյտ ճանապարհ մը, որ վերջ չունի: Ահա թէ ինչո՛ւ մեր հոգին արթուն պահելու համար հազար պատճառ ունինք ականջ տալու Տիրոջ Առաքեալի պատգամին՝ «Զհոգին մի՛ շիջուցանէք», քանզի մեր կեանքի ճանապարհը յար եւ նման է Քրիստոսի չարչարանաց ու խաչի ճանապարհին:
Սրբազան պատարագի մատուցմամբ հոգեւոր առաջնորդներով ու հոգեւորականաց ողջ դասով եւ ձեր բոլորին աղօթանուէր ներկայութեամբ կը ոգեկոչենք յիշատակը սրբոց նահատակաց, անոնց միացնելով նաեւ Արցախեան պատերազմի հերոսներուն վառ ու յաւերժական յիշատակը հայրենիքի տեսլականով:
«Զհոգին մի՛ շիջուցանէք»:
Հոգին արթուն պահեցէք:
Այս աստուածային պատգամը ուղղուած է բոլորիս անխտիր, որպէսզի մեր բովանդակ կեանքին ընթացքին մեր հոգեւոր էութեան խորքերէն մշտապէս լսենք արձագանգը սրբոց նահատակաց՝ «Վասն Յիսուսի, վասն Հայրենեաց»: Մեր սուրբ նահատակները իրենց մէջ կրեցին ու ապրեցուցին նոյն սրբազան ոգին, որ առաջնորդեց Ս. Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց դէպի գիտակից մահ՝ կերտելու համար անմահութիւն: Մեր նախնեաց կեանքի ճանապարհը յարաժամօրէն դարձած է Գողգոթային ճանապարհի կրկնութիւնը: Բայց մեր նախնեաց սրտին մէջ երբէք չէ մարած յարութեան լոյսը: Երբ այս վկայութիւնը կը հաստատենք խոր հաւատքով, ապա ինչպէս մեր նախնիք, այնպէս եւ մենք հեռու կը պահենք մեզմէ հոգու տկարութիւնը, որ համազօր է մեղքին: Մեր ազգի ու հայրենիքի վերջին աւելի քան հարիւր տարիներու պատմութիւնը, ունենալով հանդերձ արիութեան եւ հպարտութեան բազում առիթներ, ունի նաեւ դժնդակ եւ յուսալքիչ դրուագներ: Բայց հայու ոգին չ՛արտօներ մեզ տկարանալ ու ընկրկել մեր առջեւ ծառացած դժուարութեանց ու փորձութեանց պատճառով: Մեր հոգեւոր էութեան մէջ պիտի կրենք մեր նախնեաց տառապանքին ցաւը մշտապէս, առանց սակայն երկվայրկեանի մը համար զլանալու վերապրեցնել մեր արեան մէջ նոր կեանքի կանչը, ինչպէս կը պատգամէ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ.
«Ողբամ մեռելոց, կոչեմ ապրողաց»:
Ինչպիսի՞ պատգամ կը հաղորդէ Ս. Նահատակաց յիշատակին ձօնուած այս երեկոյի ս. պատարագը: Հոգեւոր արթնութեան ու վերազարթօնքի ոգին կը ճառագէ այս երեկոյի պատարագը, քանզի ի Քրիստոս կը դառնանք նոր ժողովուրդ՝ կեանքն ապրելու համար յարութեան խորհրդով, ստեղծագործելու հզօր կամքով ու եռանդով, հայրենական տեսիլքով, մեր էութեան մէջ խեղդելով տկարութեան ցանկացած դրսեւորում եւ քաջ գիտակցելով, որ անժամանակին մէջ օր մը պիտի վեր յառնէ մեր նախնեաց ամբողջական Հայաստանը, պայմանով, որ այս տեսիլքով առաջնորդենք մեր զաւակունք այսօր, վաղը եւ յաւիտեան:
Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. հայրապետը իր կեանքը արժեւորած է Յարութեան յոյսով: Մեծ հայրենասէրը Սարդարապատի հերոսամարտը սեպած է որպէս գրաւականը հաւանական բոլոր Հայաստաններու: Ան իր ժողովուրդի ցաւին ու տառապանքին մէջ ներդրած է Յարութեան շունչը այս բառերով.
«Հսկեցէք եւ արթուն մնացէք, որ յարութեան յոյսը չմարի ձեր հոգիներէն ներս: Յաւէտ ապրելու տենչով է որ մարդ կը գերազանցէ ինքն իրեն, կը դառնայ շինող, ստեղծագործող, կը դառնայ արարիչ, կը դառնայ անմահ: …Առանց յաւէտ ապրելու յոյսին, մարդ կը մեռնի մահէն իսկ առաջ, այդ յոյսով, սակայն, ան կ՛ապրի մահէն ալ անդին»:
Ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս աշխարհի ապրող մեր սուրբ եկեղեցւոյ եւ ազգի զաւակունք կը գտնուին փորձութեանց առաջ գրեթէ ամէնուրեք: Հայոց Ցեղասպանութեան ս. նահատակներու ոգին եւ նորօրեայ Արցախեան երիտասարդ ու քաջարի հերոսներու նահատակութիւնը յարգելու գործնական մէկ ճանապարհ կայ մեր առջեւ՝ կեանքն ապրիլ յարութեան յոյսով ու շունչով, դառնալ միաբանուած ժողովուրդ, հայրենիքի վերակերտումի գիտակցութեամբ զօրանալ եւ զօրացնել մեզի վստահուած նուիրական արժէքները՝ հաւատքն ու լեզուն, հայրենական հողն ու պետականութիւնը, հայոց բանակը, եւ նաեւ հաւատարմութեամբ պահել այն բոլոր սրբութիւնները, որոնք աւանդուած են մեր նախնեաց կողմէ:
Երեւանի սրտին վրայ նուիրականացած ու դէպի երկինք խոյացող Ծիծեռնակաբերդը Թաբոր լեռն է մեր ազգին, որու բարձունքին բոլոր հայերը անխտիր հոգեւին կը միաձուլուին, կը պայծառակերպուին, իրենց վրայէն կը թօթափեն ամէն տեսակի տարբերութիւններ ու տարակարծութիւններ: Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին, մեր սրտերու համազարկ տրոփիւնով բոլորս կը դառնանք մէկ մարմին, մէկ կեանք, մէկ ճակատագիր:
Եկէ՛ք միասնաբար ուղղենք մեր հոգիին հայեացքը դէպի Ծիծեռնակաբերդ, որուն երկնասլաց ներկայութիւնը մեր յարուցեալ ժողովուրդի խորհրդանիշն է: Այդ բարձունքին վրայ կը հատուին աշխարհասփիւռ հայութեան դէպի տուն տանող ուղղիները: Հոն է, որ կը միաւորուինք, իրարմով կը զօրանանք, զի մեր փրկութիւնը միութեան մէջ է: Այս է խորհուրդը Ծիծեռնակաբերդի եւ ոսկէ պատգամը՝ նորահաս սերունդներուն:
«Զհոգին մի՛ շիջուցանէք»:
Արթուն պահենք հոգին,
Աղօթքի մէջ մնանք,
Հաւատքով ապրինք,
Հայրենիք սիրենք:
Մեր Ս. նահատակաց փառապանծ յիշատակին առջեւ մշտական խոնարհումով՝ ականջալուր ըլլանք Արցախեան պատերազմին ընթացքին պատարագուած մեր նոր ժամանակներու քաջարի հերոսներու պատգամին:
Որպէս արդար ժողովուրդի քրիստոնեայ զաւակները՝ ա՛յս պիտի ըլլայ մեր հաւատամքը՝ այսօր եւ յաւիտեան:
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի
23 Ապրիլ, 2021