ՓԱՐԻԶ․- 24 Ապրիլին, որ Ֆրանսայի մէջ 2019էն ի վեր կը նշուի՝ իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր, նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Փարիզի Կոմիտասի արձանին մօտ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Միջոցառման ներկայ էին Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոն, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան։
Նոյն օրը, Մաքրոն Էլիզէ պալատին մէջ խորհրդակցութիւններ ունեցաւ Փափազեանի եւ Թորանեանի հետ: