ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ, «Էյ.Փի.»․- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ Երկուշաբթի օր ներկայացուց համաճարակէն տուժած նահանգի քաղաքացիներուն յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու 11.9 միլիառ տոլարի ծրագիր մը, որ մաս կը կազմէ նահանգի տնտեսութիւնը վերականգնելու 100 միլիառ տոլարնոց իր ծրագիրին։
Նահանգապետը կ՛առաջարկէ 600ական տոլար վճարել տարեկան մինչեւ 75,000 տոլար եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն եւ յաւելեալ 500 տոլար, եթէ ընտանիքները անչափահաս զաւակներ ունին։
Ընդհանուր ծրագիրին մէջ կան նաեւ բնակարանային վարձքերու, ինչպէս նաեւ ջուրի եւ ելեկտրականութեան ծախսերու աջակցութիւն։
Քաղաքական մեկնաբաններ կը յայտնեն, թէ դեմոկրատներու հակակշիռին տակ գտնուող նահանգային խորհրդարանը եւ Ծերակոյտը շատ հաւանաբար վաւերացնեն առաջարկը, յատկապէս, որովհետեւ նահանգը նախորդ տարեշրջանին 75․7 միլիառ տոլար շահ արձանագրած է։