ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Էմանուէլ Մաքրոն համաձայն չէ եռակողմանի համաձայնագիրի կէտերուն հետ, որոնք կը վերաբերին Շուշին եւ Հատրութը Ատրպէյճանին յանձնելուն։ Ան համոզուած է, որ կայ առիթ բարելաւելու այդ կէտերը», ըսաւ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան: Ըստ վեռջինիս, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իրենց հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ համաձայն չէ նաեւ Հայաստանի հարաւով Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար միջանցքի բացման:
Փափազեան նշեց, որ Ֆրանսայի նախագահը համոզուած է, որ առիթ կայ շարունակելու բանակցութիւնները եւ բարելաւելու եռակողմանի համաձայնագիրը՝ պայմանով, որ Հայաստան աշխուժ քաղաքականութիւն եւ դիւանագիտութիւն վարէ:
Փափազեան ըսաւ, որ Ապրիլ 24ին Էլիզէի պալատին մէջ, Մաքրոնի հետ հանդիպումին քննարկեցին Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը: «Հայաստան ինչո՞ւ բոլոր գերիները ազատ արձակեց: Այդ դիւանագիտական եւ քաղաքական մեծ սխալ է», ըսաւ ան: