ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Թուրքիա-Եգիպտոս առանցքին վրայ վերջերս արձանագրուած զարգացումներուն զուգահեռ, սոյն նախաձեռնութիւնները կու գան համալրուիլ Սէուտական Արաբիոյ ուղղեալ քայլերով։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու երէկ այցելութեան մը ձեռնարկեց դէպի Ռիատ, ուր կը հիւրընկալուի Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Ֆայսալի կողմէ։ Երկկողմանի յարաբերութիւններու ընթացքը քննարկելու առընթեր, բանակցութիւններու ատեն կարծիքներու փոխանակումներ տեղի կ՛ունենան տարածաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։
Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւնները փոթորկալից շրջանէ մը անցան՝ Պոլսոյ մէջ 2018ին տեղի ունեցած սէուտցի այլախոհ լրագրող Ճեմալ Խաշոքճըի սպանութեան պատճառով։ Բաց աստի, Սէուտական Արաբիա ճակատ մը ստեղծեց Քաթարի դէմ, որ սերտ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ։ Վերջերս Քաթար-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւնները սկսած են լաւնալ։ Այս նոյն շրջանին կը զուգադիպի նաեւ Անգարա-Ռիատ ձիւնհալքը։
Նախքան Չաւուշօղլուի այցելութիւնը, նախագահ Էրտողանի եւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին միջեւ տեղի ունեցած էր հեռաձայնային զրոյց մը։