ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշի հետ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը բարձր գնահատեցին ՄԱԿի զանազան մասնագիտական կառոյցներու եւ Հայաստանի միջեւ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։
Զրոյցին առանցքային նիւթերէն մէկն էր Արցախի հակամարտութեան գօտիին մէջ վերջին զարգացումներուն հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական իրադրութիւնը, Արցախի բնակչութեան ենթարկուած կացութեան մեղմացման ուղղուած քայլերու ձեռնարկումով։
Ներկայացնելով Արցախի դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած բռնութեան ընթացքին եւ անոր յաջորդած շրջանին ՄԱԿի համապատասխան մասնագիտական կառոյցներու եւ Հայաստանի իրականացուցած աշխատանքները՝ դէպի Արցախ անխափան մարդասիրական մուտք ապահովելու ուղղութեամբ՝ Այվազեան ընդգծեց, որ Պաքու կը շարունակէ մարդասիրական աջակցութեան հասանելիութեան հարցը քաղաքականացնելու եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը խաթարելու գործելաոճը։
Անյապաղ լուծում պահանջող մարդասիրական հարցերու ծիրին մէջ, Այվազեան ընդգծեց Ատրպէյճանի մէջ պահուող գերիներու վերադարձին հրատապ բնոյթը։
Կողմերը անդրադարձան նաեւ Արցախի պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պաշտպանութեան ու պահպանման վերաբերեալ հարցերուն։ Անոնք ընդգծեցին այս ուղղութեամբ միջազգային ազդու դրութիւններու հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Այվազեան անընդունելի նկատեց վտանգուած մշակութային վայրերը միջազգային մասնագիտական առաքելութիւններու առջեւ փակելու՝ Ատրպէյճանի վարքագիծը։
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ հիմնահարցի կարգաւորման գործընթացի վերականգնումը ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ։