ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ»․- Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ հաստատեց, որ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցան Սէուտական Արաբիոյ հետ բանակցութիւններ, «որոնց ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ շրջանային թղթածրարները»:
Խաթիպզատէ յայտնեց, որ իր երկիրը կը յուսայ «Սէուտական Արաբիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններուն եւ շրջանային զարգացումներուն շուրջ իսկական փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացնել ու տարակարծութիւնները լուծել»` նշելով. «Բանակցութիւններուն յաջողութիւնը եւ անոնց մէջ յառաջընթաց արձանագրելը կը պահանջեն Ռիատի կողմէ Թեհրանի նկատմամբ քաղաքականութեան ու խօսելաոճի փոփոխութիւն»:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքականութեան ծրագրման բաժանմունքի ղեկավար Ռայետ Քարիմլի նախապէս հաստատած էր երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւններուն լուրը` շեշտելով. «Անոնց նպատակը շրջանին մէջ լարուածութեան վերջ տալու ուղիի որոնումն է»: Սէուտցի պաշտօնատարը յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ բանակցութիւնները յաջողութեամբ կ՛աւարտին` աւելցնելով. «Յստակ եզրակացութեան հասնելու համար ժամանակ պէտք է»: