ՊԱՔՈՒ, «Մինվալ»․- 10 Մայիսին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը հիւրընկալելէ անմիջապէս առաջ այցելեց Նախիջեւան, ուր մասնակցեցաւ Ճուլֆա-Օրտուպատ ճանապարհի բացման արարողութեան։
Նախիջեւանի միջազգային օդակայանին մէջ զինք դիմաւորec Նախիջեւանի գերագոյն խորհրդարանի նախագահ Վասիֆ Թալիպով:
Ալիեւ նաեւ մասնակցեցաւ Նախիջեւանի օդակայանին մէջ նոր էջուղիի, ինչպէս նաեւ ռազմական օդակայանի բացման արարողութեան: