ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 10 Մայիսին Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, իսկ Մայիս 11ին տեսակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։
Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներուն՝ քննարկումներու օրակարգին վրայ էին Արցախի հակամարտութեան ներկայ փուլը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման եւ տնտեսական կապերու վերականգնման վերաբերեալ զանազան հարցեր։
Պայրամովի հետ հանդիպումէն ետք, Լաւրով վստահեցուց, որ հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ջանքերը կը կատարուին նկատի ունենալով նաեւ Իրանի շահերը՝ ակնարկելով Թեհրանէն հնչած մտահոգութիւններուն։
Լաւրով Պաքու մեկնելէն առաջ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ։
Մինչ այդ, Ալիեւ, Լաւրովը հիւրընկալելէ անմիջապէս առաջ, հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Լաւրովի ժամանումէն առաջ, Ալիեւ դարձեալ նշեց, որ Արցախի կարգավիճակի հարցը լուծուած է արդէն։ «Որոշ քաղաքական գործիչներ կը խօսին գոյութիւն չունեցող կառոյցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին։ Եթէ մէկը կը փափաքի կարգավիճակ շնորհել մեր տարածքին մէջ ապրող հայերուն, ես դէմ չեմ, բայց թող անոնց համար լաւ տեղ մը գտնեն իրենց իսկ երկրին մէջ։ Կ՛ուզեմ անոնց խորհուրդ տալ. մեզի մի՛ ջղայնացնէք եւ կարիք չկայ խօսելու որեւէ կարգավիճակի կամ հակամարտութեան մասին, որպէսզի լարուածութիւն չմտցնէք մեր յարաբերութիւններուն մէջ։ Եթէ անոնք կատարեն նման յայտարարութիւններ, ապա պատասխանը կու տանք», յայտնեց Ալիեւ։