ՊԱՔՈՒ․- Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշիի մէջ, 12 Մայիսին տեղի ունեցաւ նոր մզկիթի մը հիմնարկէքի արարողութիւնը։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հաղորդումուն` արարողութեան մասնակցեցաւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իր ընտանիքի անդամներուն հետ։ «Առաջարկեցի, որ մզկիթի ձեւը արտացոլէ 8 թիւը։ Որովհետեւ 8 Նոյեմբերին մենք ազատագրեցինք Շուշին։ Մզկիթին երկու մինարեթներն ալ պիտի արտացոլեն 11 թիւը», ըսած է Ալիեւ։
Նշենք, որ Ատրպէյճան տենդագին շինարարական աշխատանքներ կ՛իրականացնէ Շուշիի մէջ։ Քաղաքին հայկական պատմական, հոգեւոր, մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է, որովհետեւ «վերականգնումի» անունին տակ ատրպէյճանցիները զբաղած են յուշարձաններու հայկական հետքերը ջնջելով։ Յատկապէս վտանգի տակ է Ս. Ամենափրկիչ Ղազանչեչոց եկեղեցին, որուն գմբէթները ատրպէյճանցիները արդէն հանած են եւ կը փորձեն զայն ներկայացնել՝ իբրեւ ռուս ուղղափառ եկեղեցի։