ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները 28 Մայիսին հրապարակեցին յայտարարութիւն մը՝ վերջերս Ատրպէյճանի կողմէ Գեղարքունիքի մարզին մէջ վեց հայ զինուորներ գերի տարուելուն վերաբերեալ՝ նշելով. «27-28 Մայիսին, համանախագահները խորհրդակցութիւններ ունեցան Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փիթըր Մաուրերի եւ ՄԱԿի գաղթականներու հարցերու գերագոյն յանձնակատար Ֆիլիփօ Կրանտիի հետ: Հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք: Համանախագահները ի գիտութիւն ընդունեցին 27 Մայիսիին 6 հայ զինուորներ ձերբակալելու տեղեկութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն` ազատ արձակելու բոլոր պատերազմի գերիները եւ պահուող անձերը` «բոլոր` բոլորին դիմաց» սկզբունքով: Համանախագահները կ՛ընդգծեն պարտաւորութիւնը` միջազգային մարդասիրական օրէնսդրութեան համապատասխան վերաբերելու պահուող անձերուն հետ: Անոնք կողմերուն վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղեն` անյապաղ ջնջելու Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական մուտքի բոլոր սահմանափակումները եւ ամբողջութեամբ իրականացնելու 9 Նոյեմբերի զինադադարի յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները: Համանախագահները մտահոգութեամբ ի գիտութիւն կ՛ընդունին նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան չգծանշուած սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերու մասին վերջին լուրերը: Սահմանային վէճերը լուծելու համար ուժի գործադրութիւնը կամ սպառնալիքը անընդունելի են: Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` անյապաղ քայլերու, ներառեալ զօրքերու տեղափոխման ձեռնարկելու` կացութեան լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ սահմանազատման համար: Անոնք պատրաստ են աջակցելու այս հոլովոյթին նպաստելու հարցին: Նկատի ունենալով ԵԱՀԿի իրենց լիազօրութեան պայմանները եւ տարածաշրջանի բոլոր բնակիչներուն ձգտումները` դէպի կայուն, խաղաղ եւ բարեկեցիկ ապագայ, համանախագահները կողմերուն դարձեալ կոչ կ՛ուղղեն` առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային գործելու իրենց հովանիին տակ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.