ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անդրադարձաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան դատաբժշկական գիտագործնական կեդրոնի Կոտայքի մասնաճիւղին մէջ, դիահերձարանի յատակին նետուած Հայաստանի զինուորներուն աճիւններուն մասին վկայող՝ մամուլին մէջ տարածուած լուրերուն եւ դատապարտեց անոնց հանդէպ այդպիսի վերաբերումը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ մամուլին մէջ հրապարակուած լուսանկարները եւ տարածուած տեսանիւթը տուն տուին հանրութեան, զոհուածներու եւ անյայտ կորսուածներու ընտանիքներու արդար վրդովմունքին ու տարակուսանքին:
«Որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն եւ բերուած պատճառաբանութիւն չի կարող արդարացնել նման անյարգալից վերաբերմունքը մեր ժողովրդի հերոս զաւակների մասունքների նկատմամբ: Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ մեր ժողովրդի անվտանգ ու խաղաղ կեանքի համար նահատակուած քաջորդիների աճիւնները, անկախ դրանց առնչութեամբ իրականացուող գործընթացների, պէտք է արժանանան պատշաճ ուշադրութեան: Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստագոյնս դատապարտում է կատարուածը: Այսօրինակ երեւոյթներն աւելի են խորացնում պատերազմի արհաւիրքը վերապրած մեր ժողովրդի ցաւն ու տառապանքը եւ անվստահութիւն յարուցում պետական պատկան կառոյցների նկատմամբ, որոնք կոչուած են օր առաջ կարգաւորելու առկայ զգայուն խնդիրները», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: