Ստորեւ կու տանք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի սրտի խօսքը՝ հասցէագրուած այս տարուան շրջանաւարտներուն.
Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանէն քրիստոնէական սուրբ սիրով կ՛ողջունենք մեր բոլոր վարժարանները: Հակառակ կեանքի զանազան բեմահարթակներու վրայ ապրուած տագնապալի ամիսներու եւ նոյնիսկ տարուան, այլեւ հակառակ մեր ազգի դիմագրաւած հայրենական, ազգային, առողջապահական, տնտեսական եւ ընկերային բազում դժուարութիւններու, մեր վարժարանները յաջողեցան յաղթահարել բազմատեսակ խոչընդոտներ եւ հազար փառք Աստուծոյ, որ կրթական 2020-2021 տարեշրջանը ահա՛ կը բոլորենք գօտեպնդող եւ յուսալից մթնոլորտի մը մէջ:
Այս առիթով նախ բարձր կը գնահատենք մեր վարժարաններու տնօրէնութիւնները եւ բոլոր նուիրեալները, որոնք թագաժահրի ստեղծած համաճարակային դժնդակ օրերուն կարողացան լայն եւ ընդարձակ ծառայութիւն բերել հայ դպրոցին եւ հայ աշակերտին: Ջերմօրէն կը գնահատենք մեր բոլոր ծնողները, որոնք անցնող տարեշրջանին եւս իրենց զաւակները վստահեցան հայկական վարժարաններուն եւ բծախնդրօրէն հետեւեցան ու կը շարունակեն հետեւիլ անոնց կրթական եւ ազգային դաստիարակութեան: Յոյժ կը գնահատենք մեր ուսուցիչները, որոնք, ոչ ընձեռնելի, յաճախ նաեւ ծանր պայմաններու մէջ ուսումնական գետնի վրայ պետական եւ ազգային ծրագիրներ ամբողջացուցին եւ յաջողութեամբ իր լրումին հասցուցին կրթական այս տարեշրջանը:
Սիրելի աշակերտներ, աղօթքով կ՛օրհնենք ձեզ, այլեւ մեր գնահատանքը կը յայտնենք ձեզի, երբ այս ուրախ օրերուն ձեր արդար աշխատանքի արդիւնքն ու վաստակը կը վայելէք, պատանեկան հանգրուանը աւարտած դէպի երիտասարդութիւն կը փութաք եւ ուսումնառութեան նոր մակարդակի մը կը ձգտիք՝ նոր իմաստ ու խորութիւն շնորհելով ձեր կեանքին: Առ այդ, մեծապէս կը գնահատենք մեր բոլոր այն ուսանողները, որոնք կ՛աւարտեն հայկական մեր վարժարանները եւ իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը կը շարունակեն քոլեճներու եւ համալսարաններու մէջ: Արդարեւ, մեր ազգային վարժարանները կը հանդիսանան այնպիսի դարբնոցներ, ուր կը կերտուին մեր ազգի ապագայ ղեկավարները, որոնք մեր վարժարաններուն մէջ հայրենական, ազգային ու քրիստոնէական ամբողջական դաստիարակութիւն կը ստանան եւ հայկական ոգիով կը թրծուին, ապա, շրջանաւարտ ըլլալէ ետք կը մասնագիտանան կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու մէջ եւ իբրեւ պատրաստուած ուժեր, մասնագէտ հայ տղաք ու աղջիկներ կը հրաւիրուին գործելու մեր ազգի կեանքին մէջ եւ այսպիսով իրենց ծառայութիւնը կը բերեն մեր հայրենիքի շինութեան եւ ազգի բարեզարդութեան վսեմ նպատակին:
Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ, ամենաթանկագի՛ն շրջանաւարտներ, ձեր կամքին ուժ եւ ձեր կեանքին կանաչ բազո՜ւմ օրեր պարգեւէ: