ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հովանաւորութեամբ Արաբական աշխարհին մէջ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան միջկրօնական հարթակին (The Interreligious Platform for Dialogue and Cooperation in the Arab World (IPDC)) եւ համագործակցութեամբ ու կազմակերպութեամբ Ապտալլա Բ. թագաւորին Միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութեան միջազգային կեդրոնին (KAICIID), 24 Մայիսին ընթացք առաւ Միջկրօնական երկխօսութեան մէջ կնոջ դերը զարգացնող եւ ամրապնդող վարժողական դասընթացքի առաջին հանգրուանը, առցանց, «Հիյա Լիլ Հիուար» կամ «Կինը՝ Երկխօսութեան Համար» խորագիրով։
Մէկ տարուան վրայ երկարող ծրագիրին կը հետեւին արաբական աշխարհի տարբեր երկիրներէ 27 կիներ։ Դասընթացքին նպատակն է փոխանցել հետեւեալ հմտութիւնները՝ երկխօսութիւն, ատելութեան խօսքի հակազդեցութիւն, խաղաղ համագոյակցութեան ամրապնդման համար ընկերային ցանցերու օգտագործում, միջկրօնական երկխօսութեան մէջ սեռերու հաւասար մասնակցութեան երաշխիքներ։
Սոյն դասընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ կը մասնակցի Արազ Գոճայեան։