ՔԱՊՈՒԼ, «Ռոյթըրզ».- «Աֆղանիստան մնացող որեւէ պետութիւն բռնագրաւող պիտի նկատենք», Շաբաթ օր յայտարարեց Աֆղանիստանի «Թալեպան» շարժումը՝ մերժելով այլ օտարերկրեայ ուժերու հեռանալէն ետք երկրին միջազգային օդակայանը պաշտպանելու եւ շահագործելու համար Քապուլի մէջ ուժեր պահելու Թուրքիոյ առաջարկը:
Տոհայի մէջ, «Թալեպան» շարժումի բանբեր Սուհահիլ Շահին յայտնեց, որ թուրքերը եւս պէտք է հեռանան:
«Թուրքիա վերջին 20 տարիներուն ՆԱԹՕի ուժերուն մաս կը կազմէ, ուստի անոր ուժերը պէտք է հեռանան ԱՖղանիստանէն՝ հիմնուելով այն համաձայնագիրին վրայ, զոր մենք Փետրուար 2020ին ստորագրած ենք Միացեալ Նահանգներու հետ», նշեց Շահին՝ աւելցնելով. «Ինչ կը վերաբերի մնացեալին՝ Թուրքիա իսլամական մեծ երկիր է: ԱՖղանիստան անոր հետ պատմական կապեր ունի: Մենք յոյս ունինք անոնց հետ սերտ եւ լաւ յարաբերութիւններու հաստատման, երբ ապագային երկրին մէջ ստեղծուի իսլամական նոր կառավարութիւն»:
«Ահվալ» կայքը աւելի կանուխ հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգները կը սպասէ ԱՖղանիստանէն ՆԱԹՕի ուժերուն հեռացումէն ետք Քապուլի «Համիտ Քարզայ» միջազգային օդակայանը պաշտպանելու վերաբերեալ Թուրքիոյ որոշումին:
Փենթակոնի բանբեր Ճան Քըրպի յայտնած էր, որ Թուրքիոյ ղեկավարներուն հետ շարունակական քննարկումներ տեղի կ՛ունենան Քապուլի օդակայանին վերաբերեալ, եւ նշած, որ այդ որոշումը պէտք է տայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան: