ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ.- Կիրակի, 13 Յունիսին, աջակողմեան «Եամինա» կուսակցութեան ղեկավար Նաֆթալի Պենեթ դարձաւ Իսրայէլի վարչապետը:
Իսրայէլի խորհրդարանի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ, որ Իսրայէլի նոր կառավարութիւնը ստացած է խորհրդարանի վստահութեան քուէն, որ 60 պատգամաւորներ կողմ քուէարկեցին անոր, իսկ 59՝ դէմ:
Յառաջիկայ երկու տարիներուն, երկրի վարչապետի պաշտօնը պիտի զբաղեցնէ Նաֆթալի Պենեթ, որմէ ետք, ըստ համախոհական կառավարութեան համաձայնագիրին, վարչապետի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եայիր Լափիտ: