ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի փոխվարչապետ, պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր շաբաթավերջին պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց արտակարգ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան առողջապահութեան մարզի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ բանակին, ներքին ապահովութեան ուժերուն, ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ պետական անվտանգութեան ուժերուն ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ երկրին առողջապահական մարզին պարզած տագնապալի կացութիւնը:
Նիստին ընթացքին Աքըր զգուշացուց Լիբանանի մէջ տիրող առողջապահական կացութենէն՝ աւելցնելով, որ կը գտնուին առողջապահական մարզի փլուզման սեմին: Ան նշեց, որ բժշկական հոգատարութիւնը վտանգուած է՝ հաստատելով, որ «Արեւելքի հիւանդանոց»ը նկատուած Լիբանանը առողջապահական իմաստով սնանկութեան ենթակայ է:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ պատահածը մարդկութեան դէմ գործուող ոճիր է:
Վերոնշեալ հարցերը քննարկելէ ետք, ներկաները յանձնարարեցին, որ.
– Հիւանդանոցները բոլոր հիւանդները ընդունին՝ առանց արտօնելու, որ ոեւէ մէկուն բժշկական խնամք զլացուի,
– Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի կեդրոնատեղիին մէջ գումարուին նիստեր, որոնց ընթացքին կարելի ըլլայ արմատական լուծումներ գտնել՝ բժիշկի այցեգինը վերջնականացնելու, հիւանդանոցային ծախսերը եւ այլ հարցերու իմաստով լուծումներ ճշդելու, ու զանոնք փոխանցելու Աքըրի: