ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, թէ Ուաշինկթըն կը շնորհաւորէ Հայաստանի ժողովրդը՝ 20 Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար: «Կ՛ողջունենք ընտրութիւններուն հետեւած ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳի դիտորդական առաքելութեան ընդհանուր առմամբ դրական գնահատականը», ըսաւ ան, նոյն ժամանակ մտահոգութիւն յայտնելով այն իրողութեան համար, որ ընտրութեան մասնակցողներուն մօտ ակնյայտ էր խիստ բեւեռացումը եւ բորբոքիչ հռետորաբանութիւնը։ «Կոչ կ՛ընենք բոլոր քաղաքական կողմերուն, որ յարգեն այս ընտրութիւններու արդիւնքները, երբ անոնք վաւերացուին, իսկ մտահոգիչ հարցերու վերաբերեալ կիրառեն ընտրութիւնները բողոքարկելու իրաւական գործընթացը եւ խուսափին քաղաքական հակադարձութիւններէ, մինչ Հայաստան կը շարունակէ իր ճամբան դէպի ինքնիշխան, ժողովրդավարական, խաղաղ եւ բարգաւաճ ապագայ», աւելցուց Նետ Փրայս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Armenian Nation (labeled People} chose by voting from 30 years “Politically Dirty Stick for almost all sides” its choice for smallest “less D” by small margin, ON PRESERVATION ROAD, hoping TO START CLEAN & TRANSPARENT, under High critic
Governance, Pushing to restore Pure, Patriot, Strong country, having only 4.50 Years.
OBSTRUCTIONS is ANTI ARMENIA EXISTENCE, >MIND YOU< , GIVING 2 CHOICES :
1-GIVE CHANCE TO PROGRESS SYSTEMATICALLY TO RESTORATION
2- SABOTAGING & RETURN AS LAST 30 YEARS CORRUPT, MONOPOLIST, ARBITRARY REGIME, OR, HELP TO HAVE ALL NECESSARY SECTIONS CLEAN, IMPARTIAL & FREE.