ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար, բժիշկ-վնասուածքաբան փրոֆ. Արմէն Չարչեան, որ 23 Յունիսին մէկ ամիսով բանտարկութեան դատապարտուեցաւ, նոյն օրը երեկոյեան սրտի կաթուածի պատճառաւ տարուեցաւ հիւանդանոց: Այս տեղեկութիւնը հաստատեց անոր փաստաբանը՝ Էրիկ Ալեքսանեան:
Չարչեան, որ «Հայաստան» դաշինքի անդամ է, կը մեղադրուի Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 154.2րդ յօդուածի յատկանիշներով` ընտրողներուն կաշառք տալ-ստանալ, ընտրութիւններու ընթացքին բարեգործութեան արգելքի խախտում կամ ընտրողի ազատ կամքի իրականացումը խոչընդոտել:
Արմէն Չարչեան իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքը մերժեց:
Նշենք, որ ըստ ՀՔԾ քննիչին՝ Չարչեան եթէ մնայ ազատութեան մէջ, ան կը թաքնուի վարոյթ իրականացնող մարմինէն ու կը խոչընդոտէ գործին քննութիւնը: Միւս կողմէ, դատարանը Չարչեանը ձերբակալելը նկատած էր ոչ-իրաւաչափ: Ան առաջին անգամ ձերբակալուելէ եւ դատարանին որոշումով ազատ արձակուելէ ետք տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան անդրադարձաւ յարուցուած քրէական գործին ու պնդեց, որ անիկա «կարուած գործ է»:
«Հայաստան» դաշինքը դատապարտեց Արմէն Չարչեանը ձերբակալելու որոշումը՝ յայտարարութեամբ մը նշելով.
««Հայաստան» դաշինքը իր ընտրական ցուցակի 20րդ համար, պրոֆեսոր Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը գնահատում է որպէս բացայայտ քաղաքական հետապնդում, որը կիրառւում է փաստացի ընտրութիւններից ամիջապէս յետոյ ձեւաւորուած խորհրդարանական ամենամեծ ընդդիմադիր ուժի դէմ: Իրենց այս եւ անցած օրերին գրանցուած այլ քայլերով իշխանութիւնները շատ ուղիղ ցոյց տուեցին, որ նուիրուած են մնում երկիրը ապօրինութիւններով կառավարելու, իսկ իրականում` պետութիւնը քայքայելու գործելաոճին: «Հայաստան» դաշինքը խստօրէն դատապարտում է անուանի բժիշկ Արմէն Չարչեանի կալանաւորումը եւ անելու է առաւելագոյնը` արդարութիւնը վերականգնելու համար»: