ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Հոլանտայի խորհրդարանը 17 Յունիսին, ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ (147 կողմ, 3 դէմ) ընդունեց բանաձեւ մը՝ Պաքուէն պահանջելով հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիներու անյապաղ ազատ արձակումը:
Բանաձեւին մէջ խորհրդարանը կոչ կ՛ընէ կառավարութեան, որ Եւրոպական խորհուրդին միջոցաւ ճնշում բանեցնէ Ատրպէյճանի վրայ՝ «բոլոր հայ գերիներուն եւ ձերբակալուած անձերուն անմիջապէս հայրենիք վերադարձը ապահովելու համար»:
Այդ օր բանաձեւին դէմ քուէարկած եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի շահերուն սպասարկումով յայտնի «Տենք» կուսակցութեան երեք հոգինոց խմբակցութիւնը 23 Յունիսին փոխեց իր դիրքորոշումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց բանաձեւին:
Միւս կողմէ, Իտալիոյ խորհրդարանի «Լեկա» կուսակցութեան պատգամաւորներ Մասիմիլիանօ Քափիթանիօ եւ Ճուլիօ Ճենթեմերօ 23 Յունիսին տարածեցին յայտարարութիւն մը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները պէտք է անյապաղ ազատ արձակուին, առանց նախապայմաններու: