ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- 24 Յունիսին, Հայաստանի գլխաւոր դատախազութեան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին քաղաքացիները պահանջեցին դադրեցնել «Հայաստան» դաշինքի անդամ, «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի տնօրէն Արմէն Չարչեանի խափանման միջոց՝ բանտարկութիւնը։
«Հայաստան» դաշինքի առաջնորդներէն Վահէ Յակոբեան դիտել տուաւ, որ Չարչեան մտաւորական է, վաստակաշատ բժիշկ, բազմաթիւ կեանքեր կախեալ են իրմէ, եղածը կարելի է դիտել քաղաքական պարունակի մէջ, որ ներկայ իշխանութիւնը կ՛ուզէ սպառնալ դաշինքին եւ անոր համակիրներուն։
Տարօն Տօնոյեան դիտել տուաւ, որ հաւաքին նպատակը ներողամտութիւն մուրալը չէ, այլ պահանջել արդարադատութեան հաստատումը։ «Սա հերթական շոուն է, ձախողուելու են, բայց, ցաւոք սրտի, նրանց ձախողումը նաեւ մեր երկրի ձախողումն է։ Նրանք ուզում են մեր ողնաշարը վերջնական կոտրել. պիտի հաստատ ասենք՝ չի ստացուելու», հաստատեց ան։
ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան տեղեկացուց, որ փաստաբանները 23 Յունիսին՝ Չարչեանի առողջական վիճակը վատթարաանալէ ետք դիմած են դատախազութեան, սակայն ոչ մէկ արձագանգ ստացած են։ «Ես չեմ խօսում բոլոր զաւեշտալի մեղադրանքների մասին։ Միայն հաշուի առնելով նրա առողջական վիճակը՝ գլխաւոր դատախազը պէտք է անյապաղ քայլեր ձեռնարկէր պրոֆեսոր Չարչեանի խափանման միջոցը փոխելու համար։ Պահանջը մէկն է ու յստակ. Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը պէտք է կատարի իր օրէնսդրական պարտականութիւնը եւ անյապաղ փոխի պրոֆեսոր Չարչեանի խափանման միջոցը», յայտնեց Մանուկեան։
Արմէն Չարչեանի նկատմամբ եղածը անընդունելի նկատեց Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինը, որ դիտել տուաւ, թէ առաջադրուած մեղադրանքները տարակուսելի են, իսկ բանտարկութեան որոշումը՝ խիստ անհամաչափ: Մայր Աթոռը, որուն կը պատկանի «Իզմիրլեան» հիւանդանոցը, իր յայտարարութեան մէջ կը յայտնէ, որ վերոնշեալին մասին կը վկայեն բազմաթիւ հեղինակաւոր իրաւագէտներ։
«Ստեղծուած իրավիճակում բժշկի նկատմամբ իրականացուած գործողութիւնները առերեւոյթ դժուար է բնութագրել այլ կերպ, քան հալածանք եւ անհիմն հետապնդում, ինչը միանշանակօրէն դատապարտելի է։ Պատկան կառոյցներին յորդորում ենք անյապաղ ազատ արձակել պրոֆեսոր Արմեն Չարչեանին՝ նկատի ունենալով նրա առողջական ոչ բարւոք վիճակը եւ նրա խնամքի տակ գտնուող անչափահաս երեխայի հանգամանքը։ Վստահ ենք, որ քրէական գործով նախաքննութիւնը կարելի է անցկացնել առանց բժիշկ Արմէն Չարչեանին հասարակութիւնից մեկուսացնելու», կը նշուի յայտարարութեան մէջ։