
ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 7 Յուլիսի երեկոյեան, Աթշանէի (Լիբանան) ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. եւ Աֆրամ Բ. հոգեւոր պետերուն միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին երկու եկեղեցիները ներկայացնող եպիսկոպոսներ ու հոգեւոր հայրեր։
Հանդիպման ընթացքին թէ՛ կաթողիկոսը եւ թէ պատրիարքը անդրադարձան հայ եւ ասորի եկեղեցիներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան եւ հասարակաց սկզբունքներուն ու արժէքներուն՝ դաւանակաբանական, մշակութային, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական մարզերուն մէջ։ Շեշտուեցաւ, թէ երկու ժողովուրդները զոհը դարձած են ցեղասպանութեան եւ, հետեւաբար, սերտ գործակցութեամբ պէտք է շարունակեն իրենց արդար պահանջը։ Այս առիթով նաեւ ընդգծուեցաւ երկու եկեղեցիներուն միջեկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրացնելու հրամայականը՝ տեղական, շրջանային ու միջազգային մակարդակներու վրայ։