ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբը նամակ մը յղած էր Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիասին, բացատրութիւն պահանջելով՝ Ատրպէյճանի մօտ յոյն դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի Արցախի բռնագրաւուած տարածքները այցելութեան մասին։
Նամակը մեծ արձագանգ գտաւ յունական հանրային կարծիքին մօտ եւ զանազան լրատուամիջոցներու կողմէ լայնօրէն տարածուեցաւ։ Դեսպանին արարքը արժանացաւ յոյն համաքաղաքացիներու քննադատութեան ու դատապարտանքին։
Յունաստանի խորհրդարանի Հայ-յունական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահ, երեսփոխան Նինա Քասիմաթի խորհրդարանին մէջ հարցում ուղղեց արտաքին գործոց նախարարին՝ այս գծով բացատրութիւն պահանջելով։ Նաեւ, ան արտաքին գործոց նախարարութիւն յղեց Հայ Դատի յանձնախումբի նամակը եւ նախարարէն պահանջեց ներկայանալ խորհրդարան ու տեղեկութիւններ փոխանցել երեսփոխանական կազմին։ Նշենք նաեւ, որ նախկին արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Քոծիաս ամօթալի որակեց յոյն դեսպանին մասնակցութիւնը «հայերու դէմ ատրպէյճանական յաղթանակի տօնախմբութիւններուն»։