ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ վարակումներու թիւը դարձեալ սկսած է արագօրէն բարձրանալ՝ Լոս Անճելըս գաւառի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքը 15 Յուլիսի երեկոյեան յայտարարեց, թէ 17 Յուլիսին, գիշերուան ժամը 11:59էն սկսեալ, փակ վայրերու մէջ դիմակներ կրելը դարձեալ պարտադիր պիտի դառնայ, նոյնիսկ պատուաստուած քաղաքացիներուն համար։
Նշենք, որ մինչ 15 Յունիսին գաւառի տարածքին 210 նոր վարակումներ արձանագրուած էին, այդ թիւը 1537ի հասած է 15 Յուլիսին, իսկ քննութիւն կատարողներուն 3․7 տոկոսը վարակակիր է ներկայիս, մինչ ամիս մը առաջ այդ համեմատութիւնը միայն 0․5 տոկոս էր։