
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱ ՄՏԱՀՈԳ ԵՆ ՀԱՅ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԴԷՊՔԵՐՈՎ
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանատուները մտահոգութիւն յայտնեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին արձանագրուած միջադէպերով, յատկապէս` Երասխ-Սադարակ հատուածի վերջին դէպքերով:

«Մենք երկու կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք՝ արագ եւ խաղաղ կերպով մեղմացնելու լարուածութիւնը եւ առարկայական բանակցութիւններու վերսկսման տիրոյթ ստեղծելու», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Երբ Երասխը չի կրնար քնանալ, Երեւանը նոյնպէս արթուն կը մնայ», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Ճոնաթան Լաքոթ:
Յամեցող լառուածութեան պայմաններուն մէջ, 19 Յուլիսի երեկոյեան, Ատրպէյճանի զինուած ուժերը քանի մը ժամ շարունակ, զանազան տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ ռմբակոծեցին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերը:
Երասխ գիւղի վարչական շրջանի ղեկավար Ռադիկ Ռաֆիկ Օղիկեան, որ կը գտնուէր պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին մէջ, հակառակորդին հետ փոխհրաձգութեան ընթացքին վիրաւորուեցաւ։
Հայաստանի քննչական կոմիտէն յայտնեց, որ այս առիթով յարուցուած է քրէական գործ` ազգային, ցեղապաշտական կամ կրօնական ատելութեան կամ կրօնական մոլեռանդութեան շարժառիթով, «շատերի կեանքի համար վտանգաւոր եղանակով սպանութեան փորձ կատարելու յատկանիշներով»: Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ Ռադիկ Օղիկեանի վիճակը կայուն է։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նախազգուշացուց, որ սահմանային որեւէ սադրանք պիտի արժանանայ կոշտ արձագանգի, եւ իրադրութեան սրման ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը:
Դէպքին արձագանգեց Երասխ այցելած եւ տեղեկահաւաքի աշխատանք կատարած Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանը՝ դիտել տալով. «Երասխի հարեւանութեամբ ադրբեջանական կրակոցները յանցաւոր բնոյթի են, կատարւում են քաղաքացիական բնակչութեան կեանքի եւ առողջութեան, այլ կենսական իրաւունքների համար իրական վտանգաւոր եղանակով: Դրանք ոտնահարում են քաղաքացիական բնակիչների անդորրն ու խաղաղ կեանքը: Կրակոցների յանցաւոր լինելն ակնյայտ է ՀՀ սահմանային միւս հատուածներում` բնակավայրերի հարեւանութեամբ ադրբեջանական զինուած ուժերի հրահրած կրակոցների ֆոնին եւ նաեւ ապացուցւում է այն փաստով, որ Երասխի հատուածում ադրբեջանական պարբերական դարձած կրակոցներից Յուլիսի 14ին զոհուել է ՀՀ զինուած ուժերի ծառայող»:
Անկանոն կրակոցներ արձակուեցան նաեւ Սիւնիքի Տեղ համայնքին, ինչպէս նաեւ՝ Սոթքի եւ Կութի ուղղութեամբ։