ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. կաթողիկոսիի գահակալութեան 25ամեակին նուիրուած հրատարակութեան խմբագրական կազմի ամփոփիչ նիստը գումարուեցաւ Ուրբաթ, 23 Յուլիսին, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ։
Նիստին նախագահեց վեհափառը: Անոր մասնակցեցան խմբագրական կազմի անդամներ Վարուժան արք. Հերկէլեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Արտեմիս Հացագործեան, Շահան Գանտահարեան եւ Վիգէն Աւագեան։
Ժողովը քննեց հատորներու բովանդակութեան նախագիծերը: Առաջինը լոյս պիտի տեսնէ յոբելենական ձեւաչափով, 25ամեայ երթը՝ լուսանկարներով ներկայացուած եւ պետական-պաշտօնական անձնաւորութիւններու ողջունագիրները ներառնող, իսկ երկրորդը պիտի յատկանշուի 25ամեայ գործունէութեան հոլովոյթի կարեւորագոյն հանգրուանները լոյսին բերող տեղեկատուական եւ վերլուծական գրութիւններով ու վկայութիւններով։
Ժողովը յատուկ կերպով ընդգծեց ուղղագրական եւ կէտադրական միաձեւութիւնը կիրարկելու կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով արմեւմտահայերէնի մէջ այսօր գոյութիւն ունեցող բազմաձեւութեան օրինակները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ժամանանակից պատմութեան եւ Արամ Ա.ի գահակալական 25 տարիներու գործունէութիւնը արժեւորած են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, Միացեալ Նահանգներէն, Աւստրալիայէն, Գանատայէն, Եւրոպական եւ Միջին Արեւելեան երկիրներէ 43 պետական, կրօնական եւ հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ եւ մասնագէտներ: Անոնց վերլուծոմները եւ վեհափառին ծառայական արգասիքին մասին անոնց կատարած գնահատականները համխմբուած են շուրջ 700 էջերու մէջ:
Հատորներու հրատարակութիւնը նախատեսուած է տարեփակէն առաջ: