ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Այս տեսանիւթին (https://www.facebook.com/watch/?v=550315309496699&t=9) մէջ կ՛երեւի Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ համալիրը՝ իր նախկին եւ ներկայ վիճակին մէջ։ Ըստ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հասած յստակ տեղեկութիւններու՝ համալիրը քանդուած է անոր զանազան մասերուն մէջ զետեղուած ռումբերով։
Յայտնենք, որ Տէր Զօրի համալիրը կը բաղկանար եկեղեցիէ, թանգարանէ, մատենադարանէ, համագումարներու յատուկ սրահէ եւ այլ յարակից բաժիններէ։
Անմիջապէս, որբ շրջանի ապահովական պայմանները թոյլատու ըլլան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը պիտի այցելէ Տէր Զօր։