HUMAN RIGHTS WATCH-Ը ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաքուի ծանր յանցագործութիւններու դատարանը 29 Յուլիսին յաւելեալ 13 հայ ռազմագերիներ դատապարտեց 6 տարուան բանտարկութեան՝ «ահաբեկչութեան, անօրինական զէնք պահելու եւ պետական սահմանը անօրէն կերպով հատելու» անհիմն ամբաստանութիւններով:
Դատարանին որոշումով, Հայաստանի քաղաքացիները իրենց պատիժը կրելէ ետք պիտի արտաքսուին Ատրպէյճանի տարածքէն:
Հայաստանի զինուորականները գերի բռնուած էին 13 Դեկտեմբեր 2020ին, Հադրութի շրջանի Խծաբերդ գիւղի մօտերը:
Միւս կողմէ, Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ տնօրէն Կիորկի Կոկիա դատապարտեց հայ գերիներու ապօրինի դատավարութիւնը՝ նշելով, որ Պաքուի կողմէ հայ գերիներուն քրէական հետապնդումը Ժընեւի 3րդ ուխտի սկզբունքներուն խախտում է:
«Զինուորներուն պէտք է տրուի գերիի կարգավիճակ եւ անոնք պէտք է վերադարձուէին ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք», գրած է Կոկիա: