ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգները կը դատապարտէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջազգային սահմանին վրայ նորագոյն բռնութիւնները, 29 Յուլիսին յայտատատրեց արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Նետ Փրայս։
«Կոչ կ՛ընենք Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ պահպանել հրադադարի իրենց յանձնառութիւնները՝ անյապաղ քայլեր ձեռնարկելով իրավիճակը հանդարտեցնելու ուղղութեամբ: Շարունակուող լարուածութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին կ՛ընդգծէ, որ միայն համապարփակ կարգաւորումով կարելի պիտի ըլլայ կացութիւնը բնականոնացնել եւ խաղաղութիւն հաստատել: Միացեալ Նահանգները կը յորդորէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ կարելի եղածին չափ շուտ վերադառնալ առարկայական բանակցութիւններու՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին տակ՝ հասնելու համար հակամարտութեան տեւական քաղաքական կարգաւորման», աւելցուց ան։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի հարցերու տեղակալ Ֆիլիփ Ռիքըր մտահոգութիւն յայտնեց սահմանին լարուածութեան գծով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին:
Ռիքըր զրուցեց նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանի հետ, որ դատապարտեց ատրպէյճանական յարձակումները, զանոնք նկատելով Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած բացայայտ ոտնձգութիւն:
Իր կարգին, Ռիքըր շեշտեց սահմանային լարուածութիւնը մեցմացնելու եւ բանակցութիւններու սեղան վերադառնալու կարեւոթուիւնը։