
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն Ռուսիան ներկայացող հայազգի Կարէն Խաչանով 30 Յուլիսին հասաւ թենիսի աւարտական մրցումին, 6-3, 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով սպանացի Փապլօ Քարենօ Պուսթայի դէմ։
Կիրակի, 1 Օգոստոսին, Խաչանով ոսկի մետալին համար պիտի մրցի Գերմանիան ներկայացնող Ալեքսանտր Զվերեւի դէմ, որ անակնկալօրէն պարտութեան մատնեց աշխարհի թիւ մէկ թենիսի մարզիկը՝ սերպ Նովաք Ճոքովիչը:
Նոյն օրը, Հայաստանը ներկայացնող լողորդ Արթուր Բարսեղեան չյաղթահարեց զտումի հանգրուանը, որակաւորման փուլի արգելքը 50 մեթր ազատ ոճի մրցումներուն՝ արձանագրելով 23․14 երկվայրկեան արդիւնք մը: