ՊԸՐՊԵՆՔ․- Արեւմտեան թեմը իր առաքելութիւնը կը շարունակէ աշխուժօրէն` թեմակալ առաջնորդին եւ Թեմական խորհուրդին հոգածութեան տակ, ինչպէս նաեւ ամբողջական զօրակցութեամբը առաջնորդարանի ենթակառոյցներուն:
17 Յուլիս ին, Թեմական խորհուրդը իր հերթական ժողովին ընթացքին քննարկեց կարգ մը կարեւոր հարցեր, որոնք կ՛արտացոլէին թեմի բազմերանգ եկեղեցական գործունէութեան դաշտի բոլոր ոլորտները:
Ժողովին զեկոյցով հանդէս եկաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, որ մանրամասնօրէն տեղեկութիւններ ներկայացուց հետեւեալ նիւթերուն վերաբերեալ.
Ա. Թեմի նորակառոյց եկեղեցիներու շինարարական նոր ծրագիրները եւ օծումները (2 Հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Սաքրամենթոյի եւ 16-18 Հոկտեմբերին՝ Սան Տիէկոյի եկեղեցիներու օծման արարողութիւնները).
Բ. Հովուական այցելութիւններ.
Գ. Առաջնորդ սրբազան հօր 2021ի եւ 2022ի հովուական այցելութիւններ.
Դ. Երիտասարդական հարցերու վարիչի նշանակում.
Ե. Մարդասիրական ծրագիրներու իրականացումը թեմին եւ Հայաստանի մէջ.
Զ. Առաջնորդարանի ենթակառոյցներու վերաշխուժացում.
Է. Քահանայութեան երեք նոր թեկնածուներ.
Ը. Ընդունելութիւն ի պատիւ նախկին Թեմական խորհուրդի անդամներու.
Թ. Հիւանդանոցներու հետ համագործակցութիւն.
Ժ. Ամառնային ճամբարներու, կիրակնօրեայ եւ շաբաթօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու վերապատրաստութիւն:
Առաջնորդին զեկոյցին յաջորդեց Թեմական խորհուրդի ատենապետ Տերիք Ղուկասեանի զեկոյցը, որ գլխաւորաբար անդրադարձաւ հետեւեալ նիւթերուն.
Ա. Կանոնադրութեան մշակում.
Բ. Ամառնային Ճամբար.
Գ. Հանգստեան կոչուած եկեղեցականներու հիմնադրամ.
Դ. Մայր Տաճարի օծման տասնամեակ.
Ե. Թեմական ծրագիրներ: