ԼԸ ՔԱՅԷ, Հայիթի, «Էյ.Փի.».- Հայիթիի իշխանութիւնները Երկուշաբթի, 16 Օգոստոսին հաղորդեցին, թէ Շաբաթ օրը, երկրին հարաւային շրջանները ցնցած 7.2 ուժգնութեամբ երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 1297ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 5700ի, մինչ ՄԱԿը յայտարարեց, թէ 8 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ՝ օգնելու համար Հայիթիի քաղաքացիներուն։
Արդէն իսկ քաղաքական տագնապ դիմագրաւող երկրին մէջ, ջուրի, ուտելիքի, ինչպէս նաեւ դեղերու ու բժիշիկներու զգալի պակաս կայ:
Երկիրը, որ կը համարուի Արեւմտեան կիսագունդի ամէնէն աղքատը, 11 տարի առաջ տեղի ունեցած երկրաշարժի աւելի քան 200 հազար զոհեր տուաւ: