10 Օգոստոսի երեկոյեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ուղեկցութեամբ Գէորգ քհնյ. Աբեանի` հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Վիքթըրվիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ տէր եւ տիկին Վարուժան եւ Ռիթա Թագւորեաններու բնակարանին մէջ։ Հանդիպման ներկայ էին ծուխի հոգեւոր հովիւ Վաչէ քհնյ. Հայրապետեան, ծխական խորհուրդի եւ տիկնանց միութեան անդամներ, սարկաւագներ եւ տասնեակ հաւատաւոր հայորդիներ: Սրբազան հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք ընկերային ջերմ պահ մը ապրեցան իրենց առաջնորդին հետ:
Վաչէ քհնյ. Հայրապետեան, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալները իրենց երախտիքի խօսքերը յայտնեցին սրբազանին, այս նուիրական այցելութեան եւ շատ սպասուած առիթին համար, վստահեցնելով, որ առաջնորդին այցելութիւնը իրենց համայնքային եւ ծխական կեանքին համար խթանիչ եւ արդիւնաւոր նոր ուժ մը պիտի հանդիսանայ:

Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց հոգեւոր հովիւին եւ ծխական խորհուրդին աշխատանքը՝ շեշտելով, որ Վիքթըրվիլի հայ համայնքը Արեւմտեան թեմի կեանքին մէջ կարեւոր դեր ունի եւ պէտք է բոլոր ջանքերը ի գործ դնել` ծուխի զարգացման ի նպաստ:
Սրբազանը յայտնեց, որ յառաջիկային կը նախատեսէ եպիսկոպոսական Ս. պատարագ մատուցել Վիքթըլվիլի ծուխին մէջ, ապա օրհնելով բոլորը՝ հրաժեշտ տուաւ, յաջողութիւն մաղթելով իրենց ազգաշէն եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ։