ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի զինուորական ծառայող, աւագ տեղակալ Արթուր Բորիսի Դաւիթեան 22 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 9ի շուրջ, առանց վերադաս հրամանատարութեան թոյլտուութեան, դուրս եկած է մնայուն տեղակայման վայրէն, որոշ ժամանակ ետք մոլորուելով՝ յայտնուած է ատրպէյճանական կողմը։
«Նախնական տեղեկութիւններով՝ աւագ լեյտենանտ Դաւիթեանը վատ տեսանելիութեան պայմաններում մոլորուել է տեղանքում եւ յայտնուել ադրբեջանական կողմում», կը հաստատէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Անմիջապէս սկսած են որոնողական-փրկարարական աշխատանքները, ռուսական կողմին միջնորդութեամբ քայլերու ձեռնարկուեցան՝ զինուորին՝ ատրպէյճանական կողմը յայտնուիլը հաստատելու ուղղութեամբ: