ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի Սիւնիքի մարզը տուած իր այցելութեան ընթացքին, զրուցելով լրագրողներու հետ՝ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին պատերազմի հետեւանքները չեն յաղթահարուած, իսկ տագնապը չէ լուծուած, որովհետեւ տակաւին չէ լուծուած Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը:
«Մենք կ՛աշխատինք իբրեւ Մինսքի խումբի համանախագահ՝ այդ դիրքերէն ձգտելով իրավիճակի շիկացման նուազեցման, միջադէպերու վերացման, որպէսզի կարելի ըլլայ նակտի առնել մնացեալ հարցերը՝ պատերազմի հետեւանքներու եւ միւս հարցերու վերջնական լուծումը», յայտնեց դեսպանը։

Անդրադառնալով ապահովութեան եւ սահմանային միջադէպերու վերաբերող հարցերուն` Թրէյսի նշեց, որ այս գծով իր կարծիքը յայտնած է, քանի մը անգամ ալ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտայայտուած է։ «Թերեւս գիտէք, որ ես Յուլիսին այցելեցի Գեղարքունիքի մարզի սահմանային հատուածներէն մէկը, ուր միջադէպեր արձանագրուած էին, եւ կ՛ուզեմ յստակօրէն նշել, որ մենք կոչ կ՛ուղղենք իրավիճակի թուլացման եւ կարելի եղածին չափ արագ բռնութիւններու կասեցման», նշեց ան:
Դեսպանը ընդգծեց, որ այս հարցերու լուծումը մեծապէս կարեւոր է յատկապէս այն պատճառով, որ քաղաքացիներ կը յայտնուին տագնապներուն կեդրոնը, կը վտանգուի անոնց ապահոգութիւնը եւ բնական կեանքը, ուստի, այս բոլորը նկատի ունենալով, այդ հարցերուն լուծումը հրատապ կը դառնայ։
Սիւնիքի մէջ դեսպանը նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի զբօսաշրջութեան ոլորտին եւ այն հարցին, թէ Հայաստան ինչպէ՛ս պէտք է շարունակէ գրաւել զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը, իրականացնէ իր ներուժը, երբ, օրինակ, նոյն Սիւնիքի մարզի սահմանային հատուածներուն մէջ Ատրպէյճան պարբերաբար կը լարէ իրավիճակը, կան ապահովութեան վերաբերող հարցեր:
Դեսպան Լի Թրէյսի յայտնեց, որ զբօսաշրջիկները պէտք է նկատի ունենան ապահովութեան հարցերը, բայց միայն Հայաստանի պարագային չէ, որ այդ հարցը կայ։ «Ապահովութեան հարցերը հրատապ, անյետաձգելի հարցեր են, զորս կարելի եղածին չափ արագ լուծելը շատ կարեւոր է, բայց այցելութիւնները պէտք է շարունակուին ինծի պէս այցելուներուն, զբօսաշրջիկներուն համար: Պէտք է այցելել եւ զմայլիլ այս վայրերով: Ես անձամբ քանի մը շաբաթ առաջ հոս էի, եւ այդ է պատճառը, որ այսօր նորէն հոս եմ, եւ իմ ներկայութեամբ կ՛ուզեմ անգամ մը եւս շեշտել ու կարեւորել զբօսաշրջութեան դերը: Հայաստան այս ոլորտին մէջ շատ բաներ ունի առաջարկելիք, յատկապէս՝ Սիւնիքի մարզը», յայտնեց ան։
Աս ամէրիկացի կամ ալ ուրիշ դեսպաններուն ըսածը մէկ ցորէնի հատիկ չարժէր: Ասոնց ըսածը խոսք է եւ մեր հայերը կըսէն որ խոսքով բիլաւ չես կրնար եբել: Օր մը տեսա՞ծ էք որ ասոնք Ատրպայճանին ըսեն որ զինվորներդ հեռացուր Հայաստանէն եւ Ղարաբաղէն: Եթէ ասոնց ըսածին մէկը մէկ կրամ կը հաւատար, հիմա, Աֆղանիսդանի մէջը եղածներէն ետքը ատ մէկ կրամն ալ չիմնաց: Հայաստանի մէջը մարդիկներ կայ որ ասոնց կուզեն վստահիլ: Մէկն ալ Բաշինեանն է, որ ոչ ըսածը գիտէ, ոչ ըրածէն լուր ունի: Վերջին ըրածն ալ Միրզօեանին արտաքին նախարար նշանակեց, մէկու մը, որ բոլիդիքէ բան չի հասկնար: Մեղք է Հայասֆանին ալ, հայութեան ալ, որ ասոնց ձեռքը մնացեր ենք: Ասոնց թաւիշն ալ տեսանք, պողպատն ալ. ամմէնն ալ աղբանոցէն եկած են:
When friendly nations mention that Karabagh conflict is not solved yet,
recent ABSURD changes in Ministerial, ambassadorial , in all sectors,
is starting to be noticed outraged, by Outside- Inside National thinkers,
ADDING CRACKS, helping destroy, reaching Final DESTRUCTION from
INSIDE. leading TOTAL CAPITULATION, EVEN WITHOUT BEING OBLIGED.
Refusing AL KIND HELPING HAND FROM OUTSIDE, objecting what the
BOSS can think or ACT(already 100 Years) for returning Karabagh and
Nakhichevan to Fatherland ! Turning day after day Dictatorial, Following
PLAN, to be PART of ex Soviet Union and to be SOLD such as, by DIVIDE,
CONFUSE, LET MIGRATE, GIVE UP AMOULSAR MINE AGAINST ARMAMENT,
DEADLY URANIUM DUST SPREADING CANCER, LET MIGRATE AND
E-L-I-M-I-N-A-T-E ARMENIA, ACCORDING MOSCOW ILLEGAL TREATY.
UNTIL PROVEN CONTRARY, 4 SUCCESSIVE LEADERS PROVED TO BE AGENTS
WORKING, like wood bugs,eating wooden house for DESTRUCTION SLOWLY
BUT SURELY. Manipulated slogan shouting : “ABAKA GA? GA ABAKA” (THERE IS
FUTURE,YES THERE IS) NO SIR, THERE IS NO FUTURE WITH THESE COLOSSAL
TREACHERIES !!!.