ՄԱԿ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կիւթերեշ կոչ ուղղեց Լիբանանի քաղաքական ղեկավարներուն, որ կազմեն աշխուժ եւ գործունեայ կառավարութիւն մը՝ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցի մէջ:
Ընդհանուր քարտուղարի բանբերը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունի քաղաքացիներուն անմիջական օժանդակութիւն տրամադրելու, լիբանանցի ժողովուրդին համար արդարութիւն երաշխաւորելու, ինչպէս նաեւ բարեկարգումի ընթացք մը ղեկավարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ վերսկսիլ հիմնական ծառայութիւններուն եւ վերականգնել կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդել բարգաւաճումը եւ աւելի լաւ ապագայի մը յոյս ներշնչել:
Կիւթիերեշ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ ընկերային եւ տնտեսական կացութեան արագ վատթարացման համար՝ աւելցնելով, որ լիբանանցիները ամէնօրեայ դրութեամբ աներեւակայելի սղաճի դէմ յանդիման կը գտնուին, ելեկտրականութեան, վառելանիւթի եւ դեղորայքի տագնապներ կը դիմագրաւեն, ինչպէս նաեւ ըմպելի ջուրի հարց ունին: