ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՔԱՊՈՒԼ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու զինուորական ուժերու հրամանատարութիւնը սկսած է հետաքննել այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, անցնող շաբաթավերջին, Քապուլի օդակայանին վրայ յարձակում մը իրականացնելու պատրաստուող փոխադրակառք մը կարելի եղած է ոչնչացնել, որմէ ետք քանի մը պայթումներ եւս արձանագրուած են, հաստատելով այն կասկածները, որ փոխադրակառքին մէջ պայութիկ նիւթեր կային։
Սակայն, ականատեսներ կը յայտնեն, թէ ամերիկեան յարձակումին հետեւանքով սպաննուած են նաեւ ընտանիքի մը 10 անդամները, ներառեալ՝ մանուկներ։
Միւս կողմէ, ամերիկեան բանակի աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ կրցած են օդին մէջ պայթեցնել Քապուլի օդականին վրայ Երկուշաբթի օր արձակուած քանի մը հրթիռներ։
Նաեւ, Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի մերժեց Քապուլի օդակայանին վրայ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած յարձակումին պատճառով նախագահ Ճօ Պայտընի հրաժարականը պահանջող կոչերը:
«Իւրաքանչիւր ամերիկացի քաղաքացի, ըլլայ ան ընտրուած պաշտօնատար, թէ ոչ, կ՛ակնկալենք, որ մեր կողքին կանգնի եւ բաժնեկցի այդ ահաբեկիչները հետապնդելու, անոնց դէմ պայքարելու եւ ո՛ւր որ ալ գտնուին անոնց վերջ տալու մեր վճռականութիւնը», նշեց Փսաքի:
Յայտնենք, որ Պայտըն ընդունեց Քապուլի օդակայանին մէջ պատահածին համար իր պատասխանատուութիւնը, սակայն նաեւ նշեց, որ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփն է, որ որոշեց ամերիկեան ուժերը Աֆղանիստանէն հեռացնել եւ «Թալեպան» շարժումին հետ համաձայնութիւն կնքեց:
Իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարեց, որ Ֆրանսա եւ Բրիտանիա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնեն Աֆղանիստանի վերաբերեալ նախագիծ մը, որուն նպատակը Քապուլի մէջ ՄԱԿի վերահսկողութեան տակ ստեղծելն է «ապահովութեան գօտի» մը՝ պաշտպանելու համար մարդասիրական գործողութիւնները:
«Ասիկա չափազանց կարեւոր է եւ ՄԱԿին արտակարգ դրութեան մէջ աշխատելու շրջագիծ պիտի ապահովէ», ըսաւ Մաքրոն՝ նշելով. «Այդպիսի գօտի մը միջազգային ընտանիքին ամէն բանէ առաջ պիտի արտօնէ շարունակելու ճնշումը «Թալեպան» շարժումին վրայ, որ Աֆղանիստանի մէջ իշխանութեան վրայ է:
Մաքրոն այս յայտարարութիւնը կատարեց, մինչ օտարները եւ իրենց երկրէն հեռանալ փափաքող աֆղանները հեռացնելու միջազգային ջանքերը կը մօտենան իրենց աւարտին: