ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններուն վիճակը ներկայիս ողբալի է, իսկ հաղորդակցութիւնները հասցուած են նուազագոյնի, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Աւստրիոյ իր պաշտօնակից Ալեքսանտր Շալենպերկի հետ բանակցութիւններու աւարտին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
«Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած ենք եւրոպական ցամաքամասին, ներառեալ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններու ողբալի վիճակին: Պրիւքսէլի հետ հաղորդակցութիւնները հասած են նուազագոյնի, Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան պատճառով, որ ուղղուած է Ռուսիան զսպելու նպատակին», ըստ «Թասս» լրատու գործակալութեան՝ աւեցուց Լաւրով: Ան աւելցուց, որ ռուսական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է գործնապաշտ երկխօսութիւն զարգացնելու Եւրոպական Միութեան հետ, փոխադարձ յարգանքի սկզբունքով եւ համաձայնութիւններ ձեռք բերած է այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին փոխադարձ շահերուն: