ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթ օր, Պաղտատի մէջ աւարտեցաւ «Գործակցութեան եւ գործընկերութեան համար» վեհաժողովը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը շեշտէ, որ անհրաժեշտ է շրջանային եւ միջազգային ջանքերը միատեղել այնպիսի ձեւով մը, որ դրական ազդեցութիւն ունենայ շրջանի կայունութեան ու անվտանգութեան վրայ:
«Շրջանը կը դիմագրաւէ մարտահրաւէրներ, որոնք կը պահանջեն զանոնք դիմակայել բարի դրացնութեան եւ ներքին հարցերուն չմիջամտելու սկզբունքներուն համաձայն», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ. այնտեղ նաեւ կը շեշտուի, թէ «վեհաժողովին մասնակցողները հաստատեցին իրենց զօրակցութիւնը Իրաքի վերաշինութեան, ծառայութիւններու ամրապնդման եւ սեփական մարզի դերակատարութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերուն եւ վերահաստատեցին բոլոր տեսակի ու ձեւի ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղական գաղափարաբանութեան իրենց մերժումը»:
Վեհաժողովին մասնակցողները ողջունեցին իրաքեան դիւանագիտութեան շրջանային եւ միջազգային շրջապատին հետ հասարակաց ենթահողի ստեղծման ուղղութեամբ աշխուժ ջանքերը՝ նշելով. «Պաղտատի կողմէ այս խորհրդաժողովը հիւրընկալելը յստակ ապացոյց է Իրաքի՝ արտաքին իր յարաբերութիւններուն մէջ հաւասարակշռուած եւ գործակցութեան դրական քաղաքականութեան որդեգրման»: Անոնք գնահատեցին ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ Իրաքի ջանքերը եւ մեծ զոհողութիւնները:
Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմի իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Պաղտատի խորհրդաժողովը կը գումարուի «նուրբ եւ պատմական պահու» մը ընթացքին եւ անիկա «երկխօսութիւնը գերիվեր նկատելու վերաբերեալ Իրաքի տեսլականին» մարմնաւորումն է:
Ան նշեց, որ Իրաքի պատմական դերակատարութիւնը շրջանին մէջ կայունութեան սիւներէն մէկը ըլլալն է՝ ընդգծելով. «Իրաքի համար, դրացիներու եւ բարեկամներու հետ լարուած յարաբերութիւններու եւ անհեթեթ պատերազի ետդարձ չկայ»:
Նշենք, որ Պաղտատի խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 9 երկիրներու եւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վեհաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը «իր զինուորները Իրաքի մէջ պիտի պահէ, այնքան ատեն որ Պաղտատ այդ կը պահանջէ՝ անկախ Ուաշինկթընի կարծիքէն»:
«Մենք հոս ենք Իրաքի ապահովութեան եւ կայունութեան աջակցելու համար», ըսաւ ան: