ՔԱՊՈՒԼ, «Թասս»․- «Թալեպան» շարժումը կ՛ուզէ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Միացեալ Նահանգներու հետ, յայտարարեց շարժումին բանբերը՝ Զապիհուլլա Մուճահետ՝ նշելով․ «Աֆղանիստան անկախութիւն ստացաւ, երբ ամերիկեան զօրքերը հեռացան երկրէն: Միացեալ Նահանգները պարտուեցաւ եւ չհասաւ իր նպատակներուն»:
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները առկախեց Աֆղանիստանի մէջ իր դիւանագիտական ներկայութիւնը եւ դեսպանատունը Քապուլէն տեղափոխեց Քաթարի մայրաքաղաք Տոհա: Ան շեշտեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ օգնել Աֆղանիստանէն հեռանալ փափաքող իւրաքանչիւր ամերիկացիի: Պլինքըն նշեց, որ շուրջ 100-200 ամերիկացիներ կը շարունակեն մնալ Աֆղանիստանի մէջ:
««Թալեպան» շարժումը Քապուլի օդակայանի կառավարման համար կը բանակցի Քաթարի եւ Թուրքիոյ հետ», իր կարգին նշեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իւ Լը Տրիան:
«ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի՝ օդակայանի ապահովութեան երաշխաւորման վերաբերեալ որոշումը պէտք է գործադրուի, որպէսզի ճամբորդական թռիչքով Աֆղանիստանէն հեռանալ ուզողները կարենան երկրէն հեռանալ», ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան՝ յայտնած է նախարար Տրիան: